Որոնել

2023.05.19 Gerusalemme chiesa Armena

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը իր պատմութեան ամենամեծ գոյաբանական սպառնալիքի տակ է․ Ահազանգ

«Մենք կը խնդրենք Երուսաղէմի ողջ քրիստոնեայ համայնքներէն այս աննախադէպ ժամանակներուն կանգնիլ Հայոց պատրիարքարանի կողքին, քանի որ ասիկա եւս յստակ քայլ մըն է, որ ձեռնարկուած է Երուսաղէմի եւ Սուրբ Երկրին մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը վտանգելուն ուղղութեամբ»,- գրած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետը։

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան Գոգչեան տեղեկացուցած է, որ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը կը գտնուի իր 16-դարեայ պատմութեան ամենամեծ գոյութենական սպառնալիքին տակ, եւ Էքզիստենցիալ-տարածքային վտանգը ամբողջովին կը տարածուի Երուսաղէմի բոլոր քրիստոնէական համայնքներուն վրայ։

Գոգչեանը Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է, որ Հայոց պատրիարքարանը վերջերս չեղարկած է կեղծ ներկայացուցչութեամբ, անհարկի ազդեցութեամբ եւ անօրինական օգուտներով պատուած պայմանագիրը:

«Չեղարկման օրինական պատասխան տալու փոխարէն՝ կառուցապատողները կը փորձեն շինարարութիւն իրականացնել «Կովերու պարտէզ» կալուածքին վրայ։ Անոնք ամբողջութեամբ անտեսած են Պատրիարքարանի օրինական դիրքորոշումը այս հարցով՝ փոխարէնը ընտրելով սադրանքի, յարձակում հրահրող մարտավարութիւն, ներառեալ սեփականութեան ոչնչացումը վարձու, զինուած սադրիչներու միջոցով»,- գրած է Գոգչեանը։

Աղբիւրին համաձայն՝ վերջին օրերուն Երուսաղէմի հայկական թաղամասի տարածքին վրայ ասֆալթի ահռելի ոչնչացումն ու հեռացումը իրականացուած է առանց Երուսաղէմի քաղաքապետարանի, կառուցապատողի եւ ոստիկանութեան արտօնութեան։ Հակառակ այդ հանգամանքին՝ ոստիկանութիւնը, այնուամենայնիւ, վերջին քանի մը օրերուն նախընտրած է հայ համայնքի բոլոր անդամներէն պահանջել ազատել տարածքը։

«Մենք կը խնդրենք Երուսաղէմի ողջ քրիստոնեայ համայնքներէն այս աննախադէպ ժամանակներուն կանգնիլ Հայոց պատրիարքարանի կողքին, քանի որ ասիկա եւս յստակ քայլ մըն է, որ ձեռնարկուած է Երուսաղէմի եւ Սուրբ Երկրին մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը վտանգելուն ուղղութեամբ»,- գրած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետը։

Նշենք, որ Երուսաղէմի հին քաղաքի հայկական թաղամասի հատուած մը պատրիարքարանը 99 տարիով վարձակալութեան յանձնած էր իսրայէլական ընկերութեան: Գործարքին հետեւանքով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան մէջ ստեղծուած էր մտահոգիչ իրավիճակ:

Երուսաղէմի հայկական համայնքը կազմակերպած էր քանի մը բողոքի ցոյց՝ դէմ բողոքելով այդ գործարքին՝ զայն անուանելով ապօրինի: Երեք կազմակերպութիւններ՝ «ՀՄԸՄ Երուսաղէմ», «Հայ երիտասարդաց միութիւն Երուսաղէմ» եւ «Բարեսիրաց միութիւն» յայտարարութիւն տարածած էին՝ Հայոց պատրիարքին կոչ ընելով չեղարկելու «Կովերու պարտէզ» կալուածքին գործարքը եւ առաջարկելով այդ հարցով համայնքին աջակցութիւնը։ Ի վերջոյ, Նոյեմբեր 1-ին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը յայտնած էր, որ որոշում կայացուցած է չեղարկելու «Կովերու պարտէզ»-ը վարձակայութեան տալու գործարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2023, 09:26