Որոնել

Հարաւային Սուտանի մէջ պատերազմ Հարաւային Սուտանի մէջ պատերազմ  (AFP or licensors)

ԻՒՆԻՍԵՖ. Սուտանի մէջ մարդասիրական սուր տագնապ

ԻՒՆԻՍՏԵՖԻ տնօրէնուհին «Սուտանը, յատուկէն Տարֆուրը դարձած է կենդանի դժոխք

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուտանի մէջ մարդասիրական սուր տագնապը վերջին եօթը ամիսներուն Տարֆուրի մէջ հասած է մութ հանգրուանի, ուր աւելի քան հինգ միլիոն երեխաներ կը պայքարին իրենց իրաւունքներուն ծայրայեղ զրկման եւ պաշտպանութեան վտանգներուն դէմ՝ հակամարտութեան պատճառով։

Անցեալ 15 ապրիլին, բռնկուած հակամարտութեան հետեւանքով, երկրին մէջ գրանցուած է աւելի քան 3130 իրաւունքներու ծանր խախտում, որոնց կէսը Տարֆուրէն ներս։

«Սուտանը, յատուկէն Տարֆուրը դարձած է կենդանի դժոխք՝ միլիոնաւոր երեխաներուն համար ուր հազարաւոր անձեր ցեղային պատկանելիութեան պատճառով թիրախ դարձան, սպանութեան, վիրաւորանքի, շահագործումի եւ սեռային չարաշահումին։ Այս բոլորը պէտք է վերջը գտնէ» այս մասին հաղորդեց ԻՒՆԻՍԵՖ-ի տնօրէնուհի Քաթերին Ռասէլ տեղեկացնելով որ Սուտանի մէջ երեխաները կը շարունակուին ենթարկուիլ նոր բռնութիւններուն, մինչ անոնց ծնողները ու տատիկներն ու պապիկները տակաւին կը կրեն անցեալի ստացած վէրքերը։ Չենք կրնայ թոյլ տալ որ այս մէկը անգամ եւս պատահի։ Պատերազմի մէջ գտնուող բոլոր կողմերը պէտք ենք յարգել միջազգային օրէնքը եւ պաշտպանել երեխաները եւ քաղաքայինները։ Երեխաները կարիքը ունին խաղաղութեան»։

Յայտարարութեան մէջ ԻՒՆԻՍԵՖ-ի տնօրէնուհի կը նշէ որ ԻՒՆԻՍԵՖ-ը իդ բոլոր գործընկերներուն հետ Տարֆուրի մէջ կը բաժնէ կեանքը փրկող պարագաներ ու պահպանէ առողջապահութեան, սնունդի, ջուրի մաքրութեան ծառայութեան մատակարարումները ։ Ան ապա կոչ կ՝ուղղէ միջազգային ընտանիքին արագացնելու կեանքի փրկութեան, հիմնական ծառայութիւններու ֆինանսաւորումը եւ կրկնապատկել անխոչընդոտ մուտքի աջակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2023, 11:45