Որոնել

Ռիատի արաբական վեհաժողովը Ռիատի արաբական վեհաժողովը 

Ռիատի Արաբական-Իսլամական վեհաժողովը կոչ ուղղեց` Կազայի շրջափակումը խզելով մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու

Վեհաժողովը մերժեց «վրէժխնդրական պատերազմին ինքնապաշտպանութիւն որակումը կամ որեւէ պատրուակով արդարացումը»:

Շաբաթ օր Ռիատի մէջ գումարուած արաբական-իսլամական վեհաժողովի հաղորդագրութեան նախագիծը կոչ ուղղեց խզելու Կազայի դէմ հաստատուած շրջափակումը եւ ստիպելու, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը, ներառեալ սննդեղէն, դեղորայք եւ վառելանիւթ, անմիջապէս այդտեղ հասնի:

Հաղորդագրութիւնը Միջազգային քրէական դատարանի ընդհանուր դատախազին կոչ ուղղեց` անմիջապէս հետաքննելու Իսրայէլի` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ բոլոր բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերուն վրայ, ներառեալ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ գործած պատերազմական յանցագործութիւններն ու մարդկութեան դէմ ոճիրները:

Վեհաժողովը մերժեց «վրէժխնդրական պատերազմին ինքնապաշտպանութիւն որակումը կամ որեւէ պատրուակով արդարացումը»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի երէկ յայտնեց, որ հաղորդագրութեան մէջ ներառուած որոշումները «ուժեղ եւ վճռական էին», սակայն «որոշ վերապահութիւններ» կան անոնց առնչութեամբ:

«Իրան վերապահութիւն կը յայտնէ կարգ մը կէտերու նկատմամբ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի երկու պետութիւններու լուծումին եւ 1967-ի սահմաններուն, ինչպէս նաեւ Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան», ըսաւ ան:

Ինչպէս նաեւ Իրան «վերապահութիւն կը յայտնէ հաղորդագրութեան մէջ նշուածին, թէ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը (ՊԱԿ) պաղեստինցի ժողովուրդին օրինական ու միակ ներկայացուցիչն» է` աւելցնելով, որ իր երկիրը ամբողջ պաղեստինցի ժողովուրդը, ներառեալ ՊԱԿ-ը կը նկատէ պաղեստինցիներու ներկայացուցիչներ, որոնք իրաւունք ունին «ինքնորոշման համար բռնագրաւողին դէմ պայքարելու»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2023, 09:02