Որոնել

Յիսուս խաչին վրայ Յիսուս խաչին վրայ 

Ինչպէ՞ս կը դիմակալենք մեր տառապանքը

Այո՛, երբ տառապանքի մասին կը խորհրդածենք, շատ «ինչո՞ւ»-ներ կը ծագին մեր մտքերուն մէջ, որոնց ամբողջական պատասխաններ չունինք: Օր մը, երբ Աստուծոյ քով երթանք, մեր հարցումներուն պատասխանը պիտի ստանանք:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Տառապանքը մարդկային կեանքի անբաժան ընկերն է: Ինչո՞ւ կը տառապինք: Այս դասական հարցումը անժամանակ դարերէ ի վեր մարդոց միտքը զբաղեցուցած է, որուն որպէս պատասխան` կարգ մը հաստատումներ եւ տեսակէտներ առաջադրուած են կարգ մը իմաստուն մարդոց կողմէ: Ոմանք կը պնդեն, որ տառապանքը հետեւանք է մարդոց կողմէ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, գործուած մեղքերուն, զանցառութիւններուն, անուշադրութիւններուն եւ յանցանքներուն: Այս տեսութիւնը ոչ բոլորովին, բայց մասամբ ճիշդ է: Որոշապէս կան ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան տառապանքներ, որոնք մեղքի հետեւանք են: Սակայն անհրաժեշտ է դիտել տալ, թէ ամէն տառապանք անպայմանօրէն մեղքի մը հետեւանքը չէ: Տառապանք կայ, որ հետեւանք է բիրտ, անգութ, վայրենաբարոյ մարդոց գործած չարիքներուն, անարդարութեան եւ անխղճութեանց:

Տառապանք ալ կայ, որուն պատճառը անհասկնալի է մարդ արարածին, ինչպէս` անակնկալ հիւանդութիւններ, բնութենէ եկած աղէտներ, վաղահաս եւ անակնկալ մահեր:

Բայց յաճախ հարց կը ծագի մարդոց մտքերուն մէջ, թէ ինչո՞ւ արդար մարդը տառապելու է… եւ երբեմն` մեղաւորէն ալ աւելի:  Այս պարագան ալ կարգ մը բարոյագէտներ կ՛աշխատին բացատրել հետեւեալ ձեւով: Արդար մարդոց տառապանքը կը ծնի այն իրողութենէն, որ անոնց կեանքի բարոյական եւ հոգեւոր սկզբունքները տրամագծօրէն հակոտնեայ են աշխարհիկ սկզբունքներուն եւ կենցաղին: Այդ պատճառով անոնք երբեմն կ՛անարգուին, կը հալածուին եւ կը տառապին: Մեղաւոր մարդիկ, որոնք «լայն ճամբուն» մէջ են, չեն սիրեր «նեղ ճամբայէն» քալողները եւ զանոնք թիրախ կը դարձնեն իրենց հալածանքին: Այս պատճառով է, որ ամէն դարու մէջ ապրող մարգարէները, առաքեալներն ու բարեկարգիչները տառապանքի ենթարկուած են: Վստահաբար անոնք արժանի չէին իրենց բաժին հասած չարչարանքներուն, այսուհանդերձ, տառապանքը դարձած է իրենց կեանքի բաժինը: Մտածա՞ծ էք երբեք, թէ այս աշխարհի մէջ եթէ մէկը կար, որ պէտք չէր հալածուեր, չարչարուեր եւ տառապեր, անիկա արդարութեան, սիրոյ եւ սրբութեան մարմնացում եղող Յիսուս Ինքն էր, սակայն Ան Եսայի մարգարէին խօսքով` «Վիշտերու տէր եւ ցաւերու տեղեակ եղաւ» (Եսայի 53.3):

Այո՛, երբ տառապանքի մասին կը խորհրդածենք, շատ «ինչո՞ւ»-ներ կը ծագին մեր մտքերուն մէջ, որոնց ամբողջական պատասխաններ չունինք: Օր մը, երբ Աստուծոյ քով երթանք, մեր հարցումներուն պատասխանը պիտի ստանանք:

Դարձեալ, տառապանքի մասին խորհած ատեն, կարգ մը մարդիկ իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն տառապանքի «ինչո՞ւ»-ին վրայ, որուն տրամաբանական պատասխան մը չգտնելով` իրենց մտքերը աւելի կը շփոթին եւ իրենց կեանքը աւելի կը դառնանայ:

Կան ուրիշներ, որոնք տառապանքէն ազատագրուելու համար իրենց կեանքը անտարբերութեամբ ապրիլը ազդու դարման կը նկատեն: Եւ դեռ կան ուրիշներ, որոնք կը դիմակալեն տառապանքը տարբեր աշխարհահայեացքով: Ոմանց համար տառապանքը օրհնութիւն կրնայ ըլլալ, ուրիշներու համար` անէծք: Օրինակի համար.

1.- Տառապանքը կարգ մը մարդիկ Աստուծոյ կը մօտեցնէ, իսկ ուրիշներ Աստուծմէ կը հեռացնէ:  Այս երկու տարբեր աշխարհահայեացքներու պերճախօս օրինակը կը տեսնենք Գողգոթայի բլուրին վրայ Յիսուսի հետ խաչուող երկու աւազակներու դիրքաւորումին մէջ: Աւազակներէն մէկը կը հաւատայ, իսկ միւսը կը հայհոյէ: Մէկը կը զղջայ, իսկ միւսը կը խստանայ. մէկը կը փրկուի, իսկ միւսը կը կորսուի: Տառապանքը կրակի պէս է, կրնայ ոսկին հալեցնել եւ այդ ոսկիէն փառաւոր զարդեր շինել, կրնայ նաեւ կակուղ կաւը կարծրացնել:

2.- Տառապանքը կրնայ դաստիարակել կամ վատթարացնել: Վիշտն ու ցաւը կրնան յղկել, դաստիարակել եւ ազնուացնել կարգ մը մարդիկ: Հակադարձաբար, ցաւն ու տառապանքը կրնան դառնացնել եւ վատթարացնել ուրիշ մարդոց կեանքը: Տառապանքը արեւի պէս է. ան կարող է աճեցնել շատ մը բոյսեր, կրնայ նաեւ խամրել ու չորցնել ուրիշ բոյսեր:

3.- Տառապանքը կրնայ կարգ մը մարդոց մէջ ստեղծել սիրոյ եւ կարեկցութեան ոգի, ուրիշներու մէջ` ոխի եւ ատելութեան ոգի: Տառապող կարգ մը մարդիկ աւելի զգայուն կը դառնան ուրիշներու տառապանքին` սէր, գութ եւ կարեկցութիւն ցոյց տալով. կան տառապող ուրիշ մարդիկ, որոնք կը բթացնեն իրենց զգացումները` սատիզմի ոգիով գոհունակութիւն կը զգան իրենց նմաններուն տառապանքով:

Քրիստոնէական դարերու փորձառութիւնը կը յայտնաբերէ այն ճշմարտութիւնը, թէ անոնք, որոնք իրենց տառապանքին մէջ զԱստուած գտած են եւ զգացած են Քրիստոսի սիրոյն զօրութիւնը, անոնք են, որ աւելի զօրացած են հնոցի մէջ ջրդեղուած երկաթի պէս ու դարձած են պողպատ: Այս տեսակները կը նմանին այն հաստաբուն ծառերուն, որոնք թէեւ կը հարուածուին կեանքի հովերէն ու փոթորիկներէն, բայց իրենց հաւատքի արմատները աւելի կը զօրանան եւ կ՛ամրանան:

Տառապած այս ընտիր մարդիկը հաւատքով իրենց կեանքի արցունքներէն ծիածաններ կը շինեն, իրենց կեանքի փուշերէն` փառաց պսակներ. ոստրէներու պէս իրենց կողը խրուող աւազահատիկներէն մարգարիտներ կ՛արտադրեն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2023, 10:17