Որոնել

2023.11.20 Nuove accuse contro l'assassino di Hrant Dink

Տինքը սպաննած ոճրագործին ազատ արձակման դէմ բողոքի ցոյց

Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք, ներկայ էր այս հաւաքին, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր հանրապետական կուսակցութեան նոր պետ Էօզկիւր Էօզէլ եւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին։

ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Շաբաթավերջին, Օսմանպէյի մէջ տեղի ունեցաւ յարգանքի ցոյց մը՝ ի յիշատակ նահատակեալ լրագրող-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի։ Իր հիմնադրած «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան շէնքին առջեւ, հանրահաւաքի մը ձեւաչափով նախատեսուած էր այս ցոյցը, որուն մասնակցողները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին՝ Հրանդ Տինքի ոճրագործին՝ Օկիւն Սամասթի, բանտէն ազատ արձակուելուն դէմ։ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք, ներկայ էր այս հաւաքին, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր հանրապետական կուսակցութեան նոր պետ Էօզկիւր Էօզէլ եւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին։

Ձեռնարկին ընթացքին հնչեցին ելոյթներ, որոնց ընթացքին բոլորը բողոք յայտնեցին Սամասթի ազատ արձակման դէմ։

Միւս կողմէ, տեղական մամուլը կը գրէ, որ Սամասթ կրնայ դարձեալ բանտարկուիլ։ Պոլսոյ Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը ներկայիս պատրաստած է նոր ամբաստանագիր մը, որուն մէջ կը շեշտուի, որ Տինքը սպաննելու ընթացքին Սամասթ թէեւ Կիւլէնի շարժումին անդամ չէր, սակայն անոր անունով յանցանք գործած է։ Առ այդ, դատախազութիւնը պահանջած է, որ այս մեղադրանքով Սամասթ դարձեալ դատուի եւ պատժուի 7էն 12 տարի բանտարկութեամբ։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2023, 07:52