Ռայի. «Եկեղեցին չի կրնար ձեռնածալ մնալ, երբ պատասխանատուները կը թերանան ժողովուրդին շահերը իրականացնելու իրենց պարտականութեան մէջ»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ երէկ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ եկեղեցին չի կրնար ձեռնածալ մնալ, երբ պատասխանատուները կը թերանան ժողովուրդին շահերը իրականացնելու իրենց պարտականութեան մէջ:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ մերժելի է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը սահմանափակել անձով մը, խմբաւորումով մը կամ ծրագիրով մը: «Կը մերժենք առանց հանրապետութեան նախագահի գոյատեւել, որովհետեւ երկիրն ու անոր պետական հաստատութիւնները կը կազմաքանդուին, ժողովուրդը կը մուրայ, մարդուժը կ՛արտագաղթէ, իսկ սահմանադրութեան դէմ ոտնձգութիւններ կ՛արձանագրուին», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը վերստին դատապարտեց Կազայի դէմ ցեղասպանական ու վայրագ պատերազմը, որուն զոհ գացած են 11 հազարէ աւելի քաղաքայիններ, որոնց կէսը` երեխաներ: Ան դատապարտեց նաեւ դպրոցներու, եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու եւ մզկիթներու ռմբակոծումը, որուն նպատակն է պաղեստինցիները իրենց հողերէն տեղահան ընել:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց պաղեստինցիներուն նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը` շեշտելով, որ տագնապին միակ լուծումը երկու պետութիւններու հիմնումն է:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ