Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (4)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այս եւ յաջորդող հաղորդումներով լոյս պիտի սփռենք ընկերային եւ կրթական այն պայմաններուն մասին, որոնք մեծապէս նպաստեցին, որ Արեւմտահայութեան մէջ ուռճանան այն գաղափարները, որոնք շատ արագօրէն պիտի դառնային իսկական հնոց մը մեր գիր ու գրականութեան զարգացման ճանապարհին։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելի ունկնդիրներ, անցեալ հաղորդումով խօսած էինք քաղաքական այն պայմաններուն մասին,որոնք տուն տուած էին, որպէսզի արեւմտահայ գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջանը ճանապարհ հարթէ։

Իսկ այս եւ յաջորդող հաղորդումներով լոյս պիտի սփռենք ընկերային եւ կրթական այն պայմաններուն մասին, որոնք մեծապէս նպաստեցին, որ Արեւմտահայութեան մէջ ուռճանան այն գաղափարները, որոնք շատ արագօրէն պիտի դառնային իսկական հնոց մը մեր գիր ու գրականութեան զարգացման ճանապարհին։

Եւ այսպէս սկսինք նախ ներկայացնելով այդ օրերուն հայկական վարժարաններու համապարփակ պատկերը։

1830ական թուականներուն Հայ դպրոցներու թիւը բաւական շատցած էր Պոլսոյ մէջ։ Բացի նախակրթարաններէ՝ բացուած էր նաեւ Սկիւտարի նշանաւոր Ճեմարանը, որ տեսակ մը երկրորդական վարժարան էր։ Թաղային վարժարաններու աշակերտութեան թիւը հազարներու կը հասնէր արդէն իսկ: Վարժարաններու այս ցանցը կը նպաստէր հայ ազգային վերածնունդին եւ գրական շարժումին։ Շնորհք Մկրտիչ ամիրան 1779ին հիմնած էր շատ մը կրթական հաստատութիւններ Պոլսոյ թաղերուն մէջ։ Իսկ Պալեան Կարապետ ամիրան է, որ բացած էր Սկիւտարի Ճեմարանը 1838ին։

Ծնողները սկսած էին օրէ օր աւելի մօտէն հետաքրքրուիլ իրենց դպրոցներով եւ իրենց եկեղեցիներու մատակարարութեամբ, որովհետեւ իւրաքանչիւր դպրոց կապուած էր եկեղեցիին։

Ամիրաներէն եւ աղայական դասակարգերէն ետքը, թաղերու մէջ ժողովուրդի ամենէն ազդեցիկ դէմքերը արհեստապետերն էին, այսինքն իւրաքանչիւր արհեստի շուրջ կազմակերպուած արհեստաւորներու միութեան (սենտիքա) գլխաւորները։ Այդ պետերը սկսան պահանջել, որ իրենք ալ տեղեակ ըլլան դպրոցի եւ եկեղեցիներու հաշիւներուն եւ իրենք ալ մաս ունենան եկեղեցական եւ դպրոցական գործերու ղեկավարութեան մէջ։

Ասկէ ծայր տուաւ նշանաւոր պայքարը ամիրաներու եւ արհեստաւորներու միջեւ (էսնաֆներ)՝ պատրիարքարանի եւ ազգային գործերու շուրջ: Այսինքն արհեստաւորները պահանջ դրին որ իրենք ալ ձայն եւ քուէ ունենան: Ամիրաները բնականաբար չուզեցին տեղի տալ: Այս վէճը բաւական շարունակուեցաւ, մինչեւ որ փոխադարձ համաձայնութեան անյաջող փորձերէ ետք, ի վերջոյ հետզհետէ մշակուելով ու ձեւաւորուելով եկաւ յանգեցաւ Ազգային Սահմանադրութեան (1860): Սահմանադրութիւնը գործադրութեան դրուեցաւ 1863ին։

Այս նոր կանոնագրութիւնը մշակողները եղան երիտասարդ մտաւորականներ եւ գրողներ -Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան, Ստեփան Ոսկան, Գրիգոր Աղաթոն եւ ուրիշներ։

Այս երիտասարդ մտաւորականները իրենց դաստիարակութիւնը ստացած էին կամ Ֆրանսա, ուր կը տիրէր ֆրանսական յեղափոխութեան ազատական շունչը («ազատութիւն», «եղբայրութիւն», «Հաւասարութիւն»), կամ Վենետիկ, ուր կը տիրէին ազգային պահպանողական հակումներ, մասամբ նաեւ Վենետիկի Մխիթարեաններու ազդեցութեամբ։

Ազգ. Սահմանադրութիւնը մեր ներքին կեանքին մէջ կը մտցնէր ժողովրդավարական ըմբռնումներ: Այնպիսի թուականի մը, երբ Օսմանեան պետութիւնը տակաւին կը կառավարուէր սուլթանի մենատիրութեամբ, մենք ունեցանք քուէարկութեամբ ընտրուած ազգային ժողովներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2023, 08:44