Որոնել

Ապու Տապիի մէջ կրօնական առաջնորդները կոչ կ՛ընեն շտապ քայլեր ձեռնարկելու կլիմայի փոփոխութեան դէմ

Արաբական Էմիրութիւններու մէջ տարբեր կրօններու առաջնորդները, որոնց շարքին նաեւ Կարդինալ Փարոլինը, ստորագրեցին կոչ մը` որ յառաջիկայ օրերուն Տուպայի մէջ գումարուելիք COP28ին մասնակցող քաղաքական ղեկավարներէն կը պահանջէ` ձեռնարկել բովանդակալից գործողութիւններ, արձագանքելու համար կլիմայական ճգնաժամին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 6 նոյեմբերին Տուպայի մէջ գումարուած «Global Faith Leaders Summit on Climate Change» գագաթնաժողովին, մասնակցութեամբ տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներուն` հրեայ, պուտտիսթ, սիք, հինտու եւ այլք, եւ անոնց շարքին նաեւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին, ստորագրուեցաւ կոչ մը` ուղղուած յառաջիկայ 30 նոյեմբերէն 12 դեկտեմբերին Տուպայի մէջ կայանալիք COP28ին մասնակցող քաղաքական ղեկավարներուն, որպէսզի անոնք յանձն առնեն բովանդակալից գործողութիւններ` կլիմայական ճգնաժամին արձագանքելու համար։

Կոչը յանձնուեցաւ ապա Սուլթան Ալ Ժապերին որ COP28 նախագահն է։ Ալ Ժապերը ընդգծեց Ապու Տապիի միջկրօնական Յայտարարութեան «յատուկ նշանակութիւնը»։

«Ձեր հաւատքը կ՛ոգեշնչէ բոլոր մարդիկը, որպէսզի ներդաշնակ կերպով ապրին բնութեան հետ և քայլեր ձեռնարկեն պաշտպանելու մեր փխրուն աշխարհը: Միասին դուք մտադրութեան հզօր յայտարարութիւն մը կատարեցիք, որուն կարիքն ունի մեր աշխարհը, հրատապութեան, միասնութեան, համերաշխութեան, պատասխանատուութեան և յոյսի յայտարարութիւն, որ կարող է օգնել հանրութիւնը մղուելու դէպի բարեփոխում» ըսաւ ի միջի այլոց COP28ի նախագահը։

Մեկնելով այն համոզումէն, որ բոլոր կրօններուն մէջ կայ արարչագործութեան հանդէպ յարգանքի գաղափարը, եւ ընդունելով, որ աշխարհի բնակչութեան աւելի քան 80%-ը կը կրէ որոշակի կրօնական համոզմունք, գագաթնաժողովի մասնակիցները ընդգծեցին կրօնական առաջնորդներու կարևոր պատասխանատուութիւնը՝ իրենց համայնքներուն մէջ բարձրացնելու կլիմայական հարցերու մասին իրազեկութիւնը: Աւելին, անոնք կոչ ըրին աւելի մեծ ջանքեր գործադրելու հաւատացեալները ներգրաւելու եւ գործնական գործողութիւններ ձեռնարկելու` կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարելու համար, ինչպէս նաեւ ի գործ դնելու անհատական բնապահպանական լաւ սովորութիւններ, ապա ճգնաժամային կլիմայի դէմ պայքարի համար համաշխարհային առաջնորդներէն համատեղ ջանքերու միջոցաւ պահանջելու` գործնական գործողութիւններ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2023, 09:00