Որոնել

Կազայի մէջ յարձակում Կազայի մէջ յարձակում  (AFP or licensors)

«Համաս» կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը Կազայի նկատմամբ

Պաղեստինեան խմբաւորման անդամները կը փախին անկլաւի հարաւային հատուած։

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարած է, որ ՀԱՄԱՍ-ը կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը Կազայի նկատմամբ։

Ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ յղում ընելով Haaretz թերթին, Կալանթը նշած է, որ պաղեստինեան խմբաւորման անդամները կը փախին անկլաւի հարաւային հատուած։

Աւելի վաղ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած էր, որ Կազայի հատուածի հիւսիսը զգալի վնաս հասցուցած է ՀԱՄԱՍ-ի գումարտակներուն։ Ըստ իսրայէլեան բանակի՝ անկլաւի այդ հատուածին մէջ ՀԱՄԱՍ-ը, որպէս կազմակերպուած ռազմական կառոյց, փաստացի դադրած է գոյութիւն ունենալ։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2023, 08:29