Որոնել

G7 Foreign Ministers' Meeting in Japan

«Եօթներու Խմբակ». «Լրջօրէն մտահոգուած ենք Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու տեղահանման մարդասիրական հետեւանքներով»

Այս մասին նշուած է «Եօթներու խմբակ»-ի արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ յայտարարութեան մէջ, որ կատարուած է Թոքիոյի մէջ երկօրեայ հանդիպումի աւարտին:
Ունկնդրէ լուրը

«Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրները մտահոգութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի զինուորական գործողութենէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի հայերու հարկադրեալ տեղահանման առիթով:

Այս մասին նշուած է «Եօթներու խմբակ»-ի արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ յայտարարութեան մէջ, որ կատարուած է Թոքիոյի մէջ երկօրեայ հանդիպումի աւարտին:

«Մենք խիստ մտահոգուած ենք Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական գործողութեան կատարումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու տեղահանման մարդասիրական հետեւանքներով:

«Մենք Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք լիովին կատարելու իր պարտաւորութիւնները միջազգային մարդասիրական օրէնքի ծիրին մէջ եւ կ՛ողջունենք ստիպողաբար իրենց տուներէն հեռացած մարդոց մարդասիրական կարիքներու անյապաղ բաւարարման ջանքերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Նշուած է, որ «Եօթներու խմբակ»-ը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման քայլերուն` ուժի չկիրարկման, գերիշխանութեան յարգման, սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն հիման վրայ»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2023, 08:39