Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-KARABAKH-CONFLICT

Հայաստան Արցախ հիմնադրամը 486,000 տոլարի դեղորայք հասցուց արցախահայերուն

Տարիներու ընթացքին, Direct Relief կազմակերպութիւնը քանի մը տասնեակ միլիոնաւոր տոլարի կեանք փրկող դեղեր, բժշկական պիտոյքներ եւ կազմածներ նուիրած է Հայաստանին ու Արցախին։ 2023ի սկիզբէն ի վեր միայն, Direct Relief-ը 27 միլիոն տոլարի հրատապ օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին։

Հայաստան Արցախ հիմնադրամը, Սանթա Պարպարայէն Direct Relief կազմակերպութեան հետ գործակցաբար՝ 486,000 տոլարի մարդասիրական հրատապ օգնութիւն ուղարկած է արցախահայերուն՝ բեռնատար թռիչքով մը։

Այս չափազանց անհրաժեշտ առաքումը, որ պիտի նպաստէ Արցախէն բռնի տեղահանուած առաւել քան 100,000 հայրենակիցներու, կը ներառնէ դեղեր, բժշկական պիտոյքներ, բժշկական անմիջական օգնութեան ծրարներ եւ փաթեթներ ու առողջապահական (hygiene) ապրանքներ պարունակող բազմաթիւ ծանրոցներ։

Տարիներու ընթացքին, Direct Relief կազմակերպութիւնը քանի մը տասնեակ միլիոնաւոր տոլարի կեանք փրկող դեղեր, բժշկական պիտոյքներ եւ կազմածներ նուիրած է Հայաստանին ու Արցախին։ 2023ի սկիզբէն ի վեր միայն, Direct Relief-ը 27 միլիոն տոլարի հրատապ օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին։

«Հայաստան Արցախ հիմնադրամը մեծապէս կը գնահատէ Direct Relief-ին հետ մեր ունեցած երկար տարիներու համագործակցութիւնը», յայտնեց հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան։

Անցեալ 34 տարիներուն, Հայաստան Արցախ հիմնադրամը եւ զայն նախորդած Միացեալ Հայկական հիմնադրամը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են առաւել քան 1 միլիառ տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 բեռնատար թռիչքներով եւ 2,568 ծովային արկղերով։ 

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կը խնդրուի դիմել ՝ (818) 241-8900 թիւին կամ  sassoun@pacbell.net հասցէին։

(Հաղորդագրութիւնը՝ հիմնադրամէն)

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2023, 07:42