Որոնել

Դրամաշնորհի յատկացման համաձայնագիրին վերջնականացման յայտարարութեան ստորագրութիւնը Դրամաշնորհի յատկացման համաձայնագիրին վերջնականացման յայտարարութեան ստորագրութիւնը 

«Հայաստանի Մանուկներ» հիմնադրամը 10 Միլիոն Եւրօ դրամաշնորհ ստացաւ Սիւնիքի մարզին մէջ կրթութիւնը վերափոխելու նպատակով

Հոկտեմբեր 25-ին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Օլիվեր Վարհէյը եւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան փոխնախագահ Թոմաս Օստրոսը ստորագրեցին դրամաշնորհի յատկացման համաձայնագիրին վերջնականացման յայտարարութիւնը:

«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (ՔՈԱՖ) Եւրոպական յանձնախումբին կողմէ Եւրոպական ներդրումային դրամատան միջոցով ստացաւ 10 միլիոն եւրօ ներդրումային դրամաշնորհ` Սիւնիքի մարզին մէջ երկու ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոն հիմնելու նպատակով: Հոկտեմբեր 25-ին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Օլիվեր Վարհէյը եւ Եւրոպական ներդրումային դրամատան փոխնախագահ Թոմաս Օստրոսը ստորագրեցին դրամաշնորհի յատկացման համաձայնագիրին վերջնականացման յայտարարութիւնը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի տնօրէն Արա Բարսամը եւ գործադիր տնօրէն Լիանա Ղալթաղչեանը:

Այս համագործակցութիւնը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ Սիւնիքի մարզի երեխաներուն ստանալ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան արտադպրոցական կրթութիւն, մասնաւորապէս` Կապան եւ Գորիս համայնքներուն մէջ, ուր պիտի կառուցուին ոչ դասական կրթութեան եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման երկու գերժամանակակից ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոններ:

3-18 տարեկան աւելի քան 6 հազար երեխայ եւ երիտասարդ կարելիութիւն պիտի ունենան ներգրաւուելու տարբեր ուղղուածութեամբ կրթական ծրագիրներու մէջ, որոնց կարգին` օտար լեզուներ, ձեռներէցութիւն, ճարտարագիտութիւն, աթլեթ: Հասանելի պիտի ըլլան նաեւ ընկերային եւ հոգեբանական անվճար ծառայութիւններ, միջազգային փորձագէտներու կողմէ պիտի իրականացուին դասընթացքներ:

2018 թուականին Լոռիի մարզին մէջ գործարկուած ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոնը ոչ դասական կրթութեան յաջողած նախաձեռնութեան վառ օրինակ է, որ նպաստած է Հայաստանի գիւղական համայնքներուն մէջ կրթութեան բարելաւման եւ զարգացման: Իր գործունէութեան 5 տարիներուն ընթացքին Լոռիի ՍՄԱՐԹ կեդրոնը սպասարկած է աւելի քան 4 հազար ուսանողի` 28 բնակավայրէ:

Սիւնիքի մէջ երկու ՍՄԱՐԹ կեդրոններու ստեղծումը սերտօրէն կապուած է «Ներդրումներ կրթութեան մէջ, յատկապէս` Սիւնիքի մարզին մէջ» նախաձեռնութեան հետ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան Հայաստանի համար տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի բաղադրիչ: Անիկա նաեւ կը հանդիսանայ «Դիմակայուն Սիւնիք թիմ Եւրոպա» նախաձեռնութեան անբաժանելի մասը, որուն ծիրին մէջ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի Հայաստանի հարաւային շրջաններու ընկերային-տնտեսական դիմակայութեան բարձրացման. այս տարածաշրջանը ամէնէն աւելի տուժած է 2020-ի ռազմական գործողութիւններէն եւ 2023 Սեպտեմբերին արցախահայերու զանգուածային տեղահանութենէն:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2023, 08:00