Որոնել

2023.11.03  Riunione vescovi Etchmiadzin

Մայր Աթոռը որոշեց պահպանել Արցախի թեմը

Ունկնդրէ լուրը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի քառօրեայ ժողովին ընթացքին, որուն կը նախագահէր Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որոշուեցաւ պահպանել Արցախի թեմը։

Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ժողովին ընթացքին քննարկուեցան պետութեան առջեւ ծառացած յետ-պատերազմեան մարտահրաւէրները, Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն հիմնահարցերը, ինչպէս նաեւ Արցախի մշակութային եւ հոգեւոր ժառագութեան պահպանման վերաբերեալ հարցերը:

Ժողովի առաջին օրը զեկոյցով հանդէս եկան Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան:

«Արցախի թեմի լուծարումը տեղի չի ունենայ, ինչպէս, ցաւօք սրտի, լուծարուեց Արցախի պետականութիւնը: Վեհափառ հայրապետն ի ուրախութիւն բոլորիս յայտարարեց, որ Արցախի թեմը չի լուծարուելու, այլ գործառոյթները մի փոքր կը փոխուեն, եւ ինքն իր նպատակների համար կը ծառայի: Սա կը նշանակի, որ մենք մեր սրտում կ՛ունենանք երազանք` նորից վերադառնալու Արցախ», ըսաւ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2023, 09:26