Որոնել

Շիֆայի հիւանդանոցէն լուսանկար Շիֆայի հիւանդանոցէն լուսանկար 

6 օր պաշարելէ ետք. Իսրայէլեան ուժերը ներխուժեցին Կազայի Շիֆա բժշկական համալիր

. «Իսրայէլեան իշխանութիւնները մերժեցին իրենց մօտ գտնուող 50 գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ առաջարկը»:

Իսրայէլեան ուժերը երէկ արշալոյսին ներխուժեցին Կազա քաղաքի արեւմուտքը գտնուող Շիֆա բժշկական համալիր, որ 6 օրէ ի վեր պաշարած էին:

Իսրայէլեան հրասայլերը արեւմտեան կողմէն ներխուժեցին համալիրի շրջափակ, ինչպէս նաեւ արձակազէններ դիրքաւորուեցան անոր մերձակայքը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ երեկոյեան նշեց. «Հակառակ մուտք չգործելու պահանջին, Շիֆա հիւանդանոց մուտք գործեցինք, որովհետեւ չկայ վայր մը ուր պիտի չհասնինք»:

Ան հարաւային Իսրայէլի մէջ իսրայէլեան բանակի ռազմակայան մը այցելութեան ընթացքին աւելցուց. «Համասին պիտի հասնինք, զայն պիտի ոչնչացնենք եւ գերիները վերադարձնենք»: Ան ընդգծեց, որ անոնք ընթացող պատերազմին մէջ «երկու գլխաւոր առաքելութիւններ են»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Շիֆա հիւանդանոցին մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութեան նկատմամբ:

Սպիտակ տունը, մեկնաբանելով իսրայէլեան բանակի Շիֆա բժշկական համալիր ներխուժման գործողութեան շղթայազերծումը,  յայտարարեց. «Պէտք է հիւանդանոցներն ու հիւանդները պաշտպանել»: Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի հակիրճ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ընթացող իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնը մանրամասն կերպով պիտի չմեկնաբանենք»:

«Ինչպէս նախապէս ըսինք, մենք հիւանդանոցի օդէն ռմբակոծման չենք զօրակցիր եւ չենք ուզեր փոխադարձ կրակոց տեսնել հիւանդանոցին մէջ, ուր անմեղներ եւ իրենց կարիքը ունեցած բժշկական խնամք որոնող հիւանդներ կը գտնուին, որոնք իրենք զիրենք կը գտնեն կրակոցի թիրախին մէջ: Պէտք է հիւանդանոցներն ու հիւանդները պաշտպանել», աւելցուց ան:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ տեղի ունեցած էր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին, ըստ Սպիտակ տան, քննարկուած են Համասի մօտ գտնուող պատանդներու ազատագրման ջանքերը:

Քըրպի նախքան այդ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն յայտնած էր. «Համաս եւ իսլամական ժիհատ շարժումները Կազայի Շիֆա հիւանդանոցին մէջ հրամանատարական եւ հսկողութեան կեդրոն ունին: Միացեալ Նահանգներ ատկէ վստահ դարձան հիմնուելով իրենց սեփական հետախուզական աղբիւրներուն վրայ»: «Հիւանդանոցի վայրը իբրեւ զէնքերու պահեստանոց կ՛օգտագործուի», աւելցուցած էր ան:

Իսլամական ժիհատը բուռն կերպով հերքած էր այդ պնդումը եւ զայն նկատած «Կազայի մէջ հիւանդանոցներու ու հիւանդներու դէմ ոճիրներ գործելու թշնամիին տրուած կանաչ լոյս»:

Համաս շարժումը իր կարգին հերքեց Քըրպիի պնդումները` զանոնք իր կարգին նկատելով «սուտեր» եւ Իսրայէլին տրուած` «հիւանդանոցներու դէմ վայրագ ջարդեր գործելու ամերիկեան կանաչ լոյս»:

Իսրայէլեան բանակէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իրենց ուժերը հիւանդանոցին մէջ «Համասին պատկանող ենթակառոյց» եւ զէնքեր յայտնաբերած են: Ան շեշտեց, որ համալիրին մէջ բախում տեղի չէ ունեցած:

Համաս շարժումը  յայտնեց, որ այդ պնդումը «բացայայտ սուտ մը եւ թատրոն մըն է, որ այլեւս ոչ ոքի կողմէ ծածկուած է»:

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Ես Իսրայէլի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեմ` առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու: Մենք վկայութիւններ կը լսենք բժիշկներէ, ընտանիքի անդամներէ, վերապրողներէ, ծնողները կորսնցուցած երեխաներէ: Աշխարհը ականատես կ՛ըլլայ կիներու, երեխաներու եւ նորածիններու սպանութիւններուն: Ասիկա պէտք է դադրեցուի»:

Ան միեւնոյն ժամանակ ըսաւ, որ Համաս պէտք է դադրեցնէ պաղեստինցիները իբրեւ կենդանի վահան օգտագործել եւ պէտք է ազատ արձակէ բոլոր պատանդները:

Նեթանիահու պատասխանելով Թրուտոյին «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Իսրայէլը չէ, որ դիտումնաւոր կերպով կը յարձակի խաղաղ բնակիչներու վրայ, այլ Համասը կը գլխատէ, կ՛այրէ եւ կը սպաննէ խաղաղ բնակիչները, Ողջակիզումի ժամանակներու այդ յանցագործութիւնները կ՛իրականացուին հրեաներու դէմ: Համասն է, ոչ թէ Իսրայէլը, որ պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ երկակի զինուորական յանցագործութեան կատարման համար` յարձակում խաղաղ բնակիչներու վրայ եւ անոնց թիկունքը պահուըտիլ: Քաղաքակրթութեան ուժերը պէտք է աջակցին Իսրայէլին` Համասի բարբարոսութիւններուն դէմ յաղթանակ արձանագրելու համար»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ Կազայի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները «քանի մը ամիսներով պիտի շարունակեն եւ պիտի ներառեն Կազայի հիւսիսն ու հարաւը»:

Միւս կողմէ, զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն ծանօթ պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ քաթարցիները կը փորձեն Համասի եւ Իսրայէլի հետ բանակցիլ 3 օրուան զինադադարի հաստատման դիմաց Կազայի մէջ արգելափակուած շուրջ 50 քաղաքայիններու ազատ արձակում ներառող համաձայնութեան մը շուրջ:

Պաշտօնատարը յայտնեց, որ քննարկուող համաձայնութիւնը, որուն շուրջ Միացեալ Նահանգներուն հետ համակարգում կը կատարուի, նաեւ կը ներառէ Իսրայէլի կողմէ արգելափակուած կարգ մը կիներու եւ մանուկներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ Կազա մուտքը արտօնուող մարդասիրական օժանդակութիւններու ծաւալի յաւելում:

Պաշտօնատարը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Համաս համաձայնած է քաթարեան համաձայնութեան ընդհանուր սկզբունքներուն, սակայն Իսրայէլ տակաւին համաձայն չէ եւ մանրամասնութիւններուն շուրջ կը բանակցի:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլեան իշխանութիւնները մերժեցին իրենց մօտ գտնուող 50 գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ առաջարկը»:

«Արապիա» իր կարգին հաղորդեց, որ Իսրայէլ համաձայն չէ միջնորդներու` գերիներու փոխանակման գործարքին վերաբերեալ ներկայացուցած վերջին տարազին, եւ նշեց, թէ իսրայէլացի աղբիւր մը յայտնած է. «Միջնորդները գիտեն, որ մենք 50 պատանդներէ աւելի մեծ թիւի մը ազատ արձակումը կ՛ուզենք»:

Նշենք, որ «Հաարեց» օրաթերթի կատարած նոր հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ հրեայ իսրայէլացիներուն միայն 4 առ հարիւրը Նեթանիահուն Համասի դէմ պատերազմին վերաբերեալ տեղեկութիւններու հաւաստի աղբիւր կը նկատէ:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդէն աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած է, որ Թեհրան համաձայն գտնուած է Կազայի մէջ պատերազմին եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ լարուածութեան աճին պատճառով երկու կողմերուն միջեւ բախումէ խուսափելու համար դրացի արաբական երկիրներու ճամբով երկու կողմերուն միջեւ անվտանգութեան մակարդակի վրայ բանակցութիւններ վարելու ամերիկեան առաջարկին:

Աղբիւրը ըսած է, որ իրապէս ալ Ժընեւի մէջ գումարուած է երկու կողմերուն միջեւ առաջին ժողովը, որուն ընթացքին ամերիկացիները հաւաստած են, որ ամերիկեան վարչակազմը պատերազմի շրջագիծին ընդլայնումը չ՛ուզեր, եւ աշխատանք կը տանի Իսրայէլը զսպելու, իսկ Թեհրան պէտք է իր կարգին իր դաշնակիցները յորդորէ ամերիկեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի դէմ գործողութիւնները դադրեցնելու, որովհետեւ ներկայ կացութեան շարունակումը մեծ վտանգ կ՛ընդգրկէ եւ անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ բախումի մը, որ երկու կողմերը կրնայ պատերազմի մէջ ներքաշել:

«Պլումպըրկ» յայտնեց, որ Սպիտակ տունը Համասի դէմ պատերազմին մէջ քաղաքային զոհերու թիւի բարձրացման եւ «վարչակազմին անտեսուող կոչերուն» լոյսին տակ Իսրայէլի վարմունքին նկատմամբ հիասթափութիւն կը զգայ, ինչ որ կ՛ընդլայնէ երկու մօտիկ դաշնակիցներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ճեղքը:

Եգիպտական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ վառելանիւթի առաջին քանակը երէկ պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Ռաֆահի անցակէտին ճամբով Եգիպտոսէն մուտք գործած է Կազա:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պատմական առումով պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը անխուսափելի է»: Բայց եւ այնպէս, ան նշած է, որ այժմ Կազայի ապագային վերաբերեալ քննարկումներու մեծ մասին մէջ «ուշադրութիւն չի դարձուիր» Իսրայէլի կողքին պաղեստինեան պետութեան ստեղծումին:

Լաւրով ընդգծած է, որ մարտերու դադրեցումը եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղուած քայլերու ձեռնարկելը առաջնային խնդիր է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի գօտիին մէջ:

Աղբիւրը ՝Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2023, 08:40