Որոնել

Եւրոապական երկրիներուն դրօշակները Եւրոապական երկրիներուն դրօշակները 

ԵԽԽՎ-ի Հայաստանի հարցերով համազեկուցողները դիտորդական այցելութեամբ պիտի հասնին Հայաստան

Համազեկուցողները Երեւանի մէջ պիտի հանդիպին վարչապետին, արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու հետ:

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի պարտաւորութիւններու կատարման դիտարկման գծով համազեկուցողներ Քիմմօ Քիլիունենը` Ֆինլանտայէն, եւ Պրոյանա Ապերկը` Շուէտէն, 6-8 նոյեմբերին փաստահաւաք այցելութիւն պիտի կատարեն Հայաստան: Այս մասին կը յայտնեն Եւրոպական խորհուրդէն:

Համազեկուցողները Երեւանի մէջ պիտի հանդիպին վարչապետին, արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու հետ:

Կը նախատեսուին բանակցութիւններ Սահմանադրական դատարանի նախագահին եւ դատական իշխանութեան, Փտածութեան կանխարգիլման յանձնախումբի, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի եւ Պատկերասփիւռի ու ձայնասփիւռի ազգային յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ:

Համազեկուցողները նաեւ պիտի մեկնին Երասխ, ուր պիտի հանդիպին տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու հետ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2023, 08:57