Որոնել

FILE PHOTO: Refugees from Nagorno-Karabakh arrive in Kornidzor

ԵԽ-ի մէջ կ՝իրականացուի «Արցախահայութեան իրաւունքները եւ Եւրոպական Միութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողով

Խորհրդաժողովին նպատակն է քննարկել ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղիները, 2020 թ․ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները միջազգային իրաւունքի, առհասարակ մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ միջազգային հանրութեան, յատկապէս հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ ներգրաւուած ուժերու քաղաքական վարքին՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ԵՄ քաղաքական դերին։

Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի պատգամաւոր Կոստաս Մաւրիդեսի հրաւէրով՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի ու «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութեան համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ Նոյեմբեր 7-ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կ’իրականացուի «Արցախահայութեան իրաւունքները եւ Եւրոպական միութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողով։

Խորհրդաժողովին հրաւիրուած են միջազգային ճանաչում վայելող նշանաւոր բանախօսներ։ Մասնաւորապէս՝ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորէնօ Օկամպոն, Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմկինի ուսումնարանի համահիմնադիր եւ իրաւական հարցերով տնօրէն Վիքթորիա Մասիմինոն եւ միջազգային իրաւունքի հայազգի մասնագէտ Գառնիկ Քերքոնեանը։ Կը նախատեսուի, որ անոնք պիտի անդրադառնան Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն եւ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներուն:

Խորհրդաժողովին նպատակն է քննարկել ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման ուղիները, 2020 թ․ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները միջազգային իրաւունքի, առհասարակ մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ միջազգային հանրութեան, յատկապէս հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ ներգրաւուած ուժերու քաղաքական վարքին՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ԵՄ քաղաքական դերին։

Խորհրդաժողովի իրականացումէն ժամեր առաջ, Պրուքսէլի մամուլի ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ ասուլիս՝ խորհրդաժողովի բանախօսներուն եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի մասնակցութեամբ: Մամուլի ասուլիսին հրաւիրուած են եւրոպական երկիրներու մէջ գործող լրատուական միջոցներու թղթակիցներ ու անհատ լրագրողներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Ուղեղային կեդրոններու (think-thank) ներկայացուցիչներ:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2023, 07:04