Որոնել

ԵՄ դիտորդական առաքելութեան անդամներ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան անդամներ 

ԵՄի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութիւն տուին Հայաստանի մէջ դիտորդական առաքելութեան ընդլայնման

Եւրոպական Խաղաղութեան գործիքակազմով Պրիւքսէլ միջոցներ կը տրամադրէ Եւրոպական Միութեան անդամ չհանդիսացող երկիրներու պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու, հակամարտութիւնները կանխելու եւ խաղաղութիւնը ամրապնդերլու համար:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութիւն տուին Հայաստանի մէջ տեղակայուած դիտորդական առաքելութիւնը ընդարձակելու եւ Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ քննարկումները աշխուժացնելու առաջարկին: 

13 Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան Ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել՝ նշելով, որ որոշումը ընդունուեցաւ Արտաքին քաղաքական խորհուրդի նիստին, որուն օրակարգին վրայ էր նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հարցը: Արտասանուած  խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սատարելու կարեւորութիւնը:

Պորել դիտել տուաւ, որ խորհուրդը քննարկեց, թէ ինչպէ՛ս կրնայ աջակցիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն, Հայաստանի դիմադրողականութեան, ապահովութեան եւ բարեփոխումներու շարունակութեան ու որոշեց ընդլայնել Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ՝ աւելի շատ պարեկներ եւ աւելի շատ պարեկութիւն կատարելու կարելիութիւն տալով սահմանի խնդրահարոյց հատուածներուն մէջ: Ըստ անոր՝ կը քննարկուի նաեւ Եւրոպական խաղաղութեան գործիքակազմի մը միջոցով Հայաստանին օգնելու եւ վիզայի ազատականացման կարելիութիւնները:

Եւրոպական Խաղաղութեան գործիքակազմով Պրիւքսէլ միջոցներ կը տրամադրէ Եւրոպական Միութեան անդամ չհանդիսացող երկիրներու պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու, հակամարտութիւնները կանխելու եւ խաղաղութիւնը ամրապնդերլու համար: 

«Մենք պէտք է շատ զգօն ըլլանք Հայաստանը թէ՛ դուրսէն, թէ՛ ներսէն ապակայունացնելու որեւէ փորձի պարագային», նիստէն ետք յայտարարեց Պորել՝ աւելցնելով. «Ատրպէյճանին ուղղած մեր ուղերձը շատ յստակ էր՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր յարաբերութիւններու որակին վրայ: Մենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին բանակցութիւններու կոչ կ՛ուղղենք. խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է կնքուի, եւ մենք յանձնառու ենք հաւատարիմ մնալու միջնորդի մեր դերին»:

Յառաջիկային արտաքին գործոց նախարարներու այս որոշումները պիտի ներկայացուին Եւրոպական Միութեան կառավարութեան՝ Եւրոպական յանձնաժողովին, որ առաջարկներ պիտի ներկայացնէ զանոնք իրագործելու վերաբերեալ:

Նիստին ընթացքին խօսք առաւ Գերմանոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք, որ նշեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առաւել քան երեսուն տարի տեւած հակամարտութիւնը կեդրոնական հարց է նաեւ Եւրոպայի համար:

«Յատկապէս աշխարհաքաղաքական այս ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանին, երբ բոլորը ունին նոյն շահագրգռուածութիւնը՝ ապահովելու, որ տարածաշրջանին մէջ բոլորին համար տիրէ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ վերջերս այցելեց տարածաշրջանը եւ համոզուած է, որ առաւել քան արժէ ուժեղացնել միացեալ ջանքերը՝ աջակցելու խաղաղ գործընթացին: Նախարարը կարեւոր նկատեց եւրոպական ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ ընդգծեց, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը հոն չըլլայ, այդ բացը շատ արագ պիտի փակուի այլ դերակատարներով: 

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա կարեւոր նկատեց, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը յստակօրէն հաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանին, այսինքն՝ իր աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Ան ընդգծեց, որ փափաք կայ ընդլայնելու Եւրոպական Միութեան առաքելութեան յանձնարարութիւնը եւ միջոցները, ինչպէս նաեւ աջակցելու Հայաստանին՝ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի միջոցով:  

Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարար Քրիշեանիս Քարիշ եւս իր խօսքին մէջ նշեց, որ Եւրոպա պէտք է իր ներդրումը ունենայ, որպէսզի Հայաստան եւ Ատրպէյճան վերջապէս գան խաղաղ լուծման: «Ես կը հաւատամ, որ այդ մէկը կարելի է, յատկապէս եթէ անոր ետին կայ Եւրոպական Միութեան կշիռը», ըսաւ ան:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալպարես Պուենօ եւս հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն՝ նշելով, որ Եւրոպա պէտք չէ ջանք խնայէ իրավիճակը կայունացնելու, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն երաշխաւորելու, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ ստեղծուած լուրջ իրավիճակէն ետք Հայաստանին աջակցութիւն եւ կայունութիւն առաջարկելու համար:

Աղբիւը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2023, 08:22