Որոնել

2023.11.14 Chiesa di Hatrut in Artsakh in rovine

Արցախի Հադրութի Հայկական Եկեղեցին Աւերուած է. Caucasus Heritage

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին որոշում կայացուցած էր՝ պարտադրելու ազրպէյճանին «ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանտալութիւնն ու պղծման գործողութիւնները՝ ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, գերեզմանատուներու եւ արտեֆակտերու դէմ»:
Ունկնդրէ լուրը

Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch) կ՝ահազանգէ գրաւուած Արցախի Հադրութի շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ աւերման մասին, որ կը փաստէ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի որոշման խախտման մասին։

2022 թուականի ամրան Caucasus Heritage Watch-ը արձանագրած էր 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ազրպէյճանի իրաւասութեան տակ անցած Հադրութի շրջանի Մոխրենէս գիւղի գրեթէ ամբողջական աւերումը։ Հիմնովին աւերուած կառոյցներուն մէջ էր նաեւ Մոխրենէսի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած էր 18-19-րդ դարերուն։

Սակայն, ինչպէս նշուած է հրապարակման մէջ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ քանդումը, ըստ ամենայնի, վերջին քայլը չէր ազրպէյճանական միջամտութեան առումով, քանի որ կազմակերպութիւնը իր շարունակական դիտարկման ընթացքին փաստագրած է ապացոյցներ յետագայ շինարարական աշխատանքներուն վերաբերեալ։

Կազմակերպութիւնը կը յիշեցնէ, որ ազրպէյճանը պարտաւոր է պաշտպանել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ կանխել Մոխրենէսի մէջ հայկական դարաւոր մշակութային եւ կրօնական կեանքը ջնջելու ցանկացած փորձ։

«2022 թուականին եկեղեցւոյ աւերումը Միջազգային դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբերի միջանկեալ միջոցի առաջին փաստագրուած խախտումն է»,- ըսուած է կազմակերպութեան հրապարակման մէջ: Ըստ Caucasus Heritage Watch-ի՝ հարց կ՝առաջանայ՝ ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը իր վճիռներու խախտումներուն եւ զանոնք քողարկելու փորձերուն:

Յիշեցնենք, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին որոշում կայացուցած էր՝ պարտադրելու ազրպէյճանին «ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանտալութիւնն ու պղծման գործողութիւնները՝ ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, գերեզմանատուներու եւ արտեֆակտերու դէմ»:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2023, 09:09