Որոնել

Պլինքըն անակնկալ հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Պլինքըն անակնկալ հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:  (AFP or licensors)

Մինչ Պլինքըն Կազայի ապագան կը քննարկէ, Արաբական երկիրները նախ զինադադար կը պահանջեն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըրի` հանդիպումի մասին գրառումին մէջ կը նշուի, որ Պլինքըն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը Կազային օգնութիւն տրամադրելու եւ հիմնական ծառայութիւնները վերականգնելու առումով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անակնկալ այցելութեամբ մը երէկ հասաւ Ռամալլա, ուր մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի բանբերին համաձայն, Մահմուտ Ապպաս ըսած է, որ Կազայի մէջ պէտք է անյապաղ զինադադար հաստատուի եւ թոյլատրուի մարդասիրական օգնութեան մուտքը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըրի` հանդիպումի մասին գրառումին մէջ կը նշուի, որ Պլինքըն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը Կազային օգնութիւն տրամադրելու եւ հիմնական ծառայութիւնները վերականգնելու առումով:

Ան նաեւ արտայայտած է Միացեալ Նահանգներու հաւատարմութիւնը աշխատելու պաղեստինցիներու` պաղեստինեան պետութիւն ստեղծելու օրինական ձգտումները իրականացնելու ուղղութեամբ:

Պլինքըն առաջարկած է, որ արդիւնաւէտ ու վերանորոգուած պաղեստինեան վարչակազմը ամէնէն խելամիտը պիտի ըլլայ Կազայի կառավարման համար` միեւնոյն ժամանակ հաւանական նկատելով, որ այլ երկիրներ ու միջազգային կազմակերպութիւններ միջանկեալ շրջանի համար որոշակի դեր խաղան անվտանգութիւն եւ կառավարում ապահովելու գործին մէջ:

Պլինքըն եւ Ապպաս քննարկած են նաեւ Այսրյորդանանի մէջ հանդարտութեան եւ կայունութեան վերականգնման ջանքերը, ներառեալ պաղեստինցիներու դէմ իսրայէլացի ծայրայեղականներու բռնութիւնները դադրեցնելու եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Համաս 2005-ին Ապպասի ղեկավարած պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումին ստիպած էր Կազայէն հեռանալ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այժմ հաւանական տարբերակներէն մէկը կը նկատուի Իսրայէլի կողմէ Համասը պարտութեան մատնելէ ետք Կազայի մէջ վերականգնել Ֆաթհի իշխանութիւնը: Սակայն շարժումին ներկայացուցիչները նախապէս ըսած են, որ չեն ուզեր իսրայէլեան հրասայլերով Կազա վերադառնալ:

Պլինքըն շաբաթ օր Յորդանանի մէջ հանդիպում ունեցած էր Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ շրջանի արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ, իսկ ուրբաթ օր Թել Աւիւի մէջ բանակցութիւններ վարած էր Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ:

Շաբաթ օր Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարները ըսած են, որ կանուխ է խօսիլ Կազայի ապագային մասին, նախ անհրաժեշտ է անյապաղ զինադադար հաստատել 2,3 միլիոն բնակչութեան մարդասիրական ճգնաժամը լուծելու համար:

Պլինքըն կը պնդէ, որ զինադադարը Համասին պիտի արտօնէ վերախմբաւորուիլ, սակայն կը փորձէ Իսրայէլը համոզել որոշ տեղերու մէջ դադար տալ` անհրաժեշտ օգնութիւնը Կազայի մէջ բաշխելու համար:

«Ուաշինկթըն Փոսթ», յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարի մը, հաղորդեց, որ Ապպաս Պլինքընի հետ իր հանդիպման ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած է Կազայի ղեկավարման օգնելու, եթէ Համաս մեկուսացուի:

«Աքսիոս» կայքը, յղում կատարելով ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներուն, հաղորդեց, որ Պլինքըն Իսրայէլին յայտնած է, որ մարդասիրական զինադադարի հաստատումը Ուաշինկթընին պիտի օգնէ ճնշումներու դիմակայման համար, սակայն իսրայէլացի ղեկավարները անոր պատասխանած են, որ զինադադար պիտի չհաստատուի, եթէ գերիները ազատ չարձակուին: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այս առումով երէկ յայտարարեց. «Նախքան պատանդներուն վերադարձը զինադադար պիտի չհաստատուի»:

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կարճ յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնած է. «Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադար հաստատելու համար թափուած ջանքերը յառաջ կ՛ընթանան»:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ցնոր տնօրինութիւն կախակայած է Իսրայէլի ժառանգութեան հարցերով նախարար Ամիհայ Էլիահուն, վերջինիս Կազայի դէմ հիւլէական ռումբ օգտագործելու հրապարակային առաջարկին պատճառով:

«Օցմա Եհուտիթ» կուսակցութեան անդամ նախարարը յայտարարած էր, որ պատերազմին մէջ կարելի տարբերակներէն մէկը Կազայի դէմ հիւլէական ռումբ արձակելն է` աւելցնելով, որ Կազան պէտք է երկրի երեսէն ջնջուի, եւ Իսրայէլ պէտք է վերականգնէ այդտեղի բնակեցման վայրերը, ինչպէս նաեւ պատերազմը Համասի մօտ գտնուող «առեւանգուածներուն» համար գին պիտի ունենայ:

Անոր յայտարարութիւնը Իսրայէլի մէջ զայրոյթի ալիք բարձրացուց, եւ Նեթանիահու յայտնեց, որ «նախարար Ամիհայ իրականութենէն կտրուած է»` աւելցնելով. «Իսրայէլն ու իսրայէլեան բանակը միջազգային օրէնքի բարձրագոյն արժեչափերուն հիմամբ կը վարուին ոչ մեղսակից անձերուն վնաս հասնիլը կանխարգիլելու համար, եւ պիտի շարունակեն ատիկա ընել մինչեւ յաղթանակ»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց իսրայէլացի նախարարին յայտարարութիւնը` նշելով. «Այդպիսի յայտարարութիւնները իսրայէլացիներուն մօտ ծայրայեղութեան ու վայրագութեան տարածումը ցոյց կու տան»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանի կատարած հարցախոյզին համաձայն, իսրայէլացիներուն 56 առ հարիւրը Նեթանիահուի` Կազայի մէջ ընթացող պատերազմի կառավարման չեն վստահիր:

Իսրայէլեան «Եիսրայէլ Հայոմ» օրաթերթի լրագրողը հաղորդեց, որ Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակի սպաննուածներուն յայտարարուած թիւերը «կարելի չէ մարսել»` նշելով, որ այդ թիւը մօտեցած է 1967-ի պատերազմին սպաննուածներու թիւի կէսին` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը որքա՛ն Կազայի մէջ յառաջանայ, «այդքան ճակատումները կը դառնան աւելի դժուար եւ զոհերը աւելի շատ»:

Սպանական «Էլ Մոնտօ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլ 7 հոկտեմբերէն ի վեր նոր նացիական խմբաւորումներու անդամ վարձկաններ կ՛օգտագործէ` անոնց վճարելով շաբաթական 3900 եւրօ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2023, 09:58