Որոնել

 Անցակէտ Անցակէտ  (AFP or licensors)

Պաքու Յայտարարեց «Զանգեզուրի միջանցք»ին մէջ անցակէտեր հաստատելու մտադրութեան մասին

«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛աշխատի «Զանգեզուրի միջանցքը» շահագործման յանձնելու ուղղութեամբ:

Պաշտօնական Պաքուն յայտարարեց «Զանգեզուրի միջանցք»ին մէջ անցակէտերու ստեղծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մասին: Այսօր նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի պետական մաքսային ծառայութեան ղեկավար Շահին Պաղիրով:

«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛աշխատի «Զանգեզուրի միջանցքը» շահագործման յանձնելու ուղղութեամբ: Պետական մաքսային ծառայութիւնը եւս կը մասնակցի այդ աշխատանքներուն: Այժմ մենք կ՛աշխատինք «Զանգեզուրի միջանցք»ին մէջ անցակէտերու ուղղութեամբ», յայտարարեց ատրպէյճանցի պաշտօնեան:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2023, 08:05