Որոնել

TOPSHOT-ARMENIA-AZERBAIJAN-CONFLICT-KARABAKH-REFUGEES

Անկախ իրենց կարգավիճակէն` Արցախցիները կենսաթոշակ պիտի ստանան

Մինչ այդ արցախցիները զիրենք յուզող հարցերու պատասխանները ստանալու համար, նախարարութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց կատարեցին։

Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ Արցախէն բռնի տեղահանուած արցախցիները անկախ անկէ որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ ուզեն կամ նախընտրեն գաղթականի կարգավիճակը՝ կենսաթոշակ պիտի ստանան։ Մինչ այդ արցախցիները զիրենք յուզող հարցերու պատասխանները ստանալու համար, նախարարութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց կատարեցին։

Ցուցարարներէն խումբ մը մտաւ եւ զրուցեց փոխնախարար Արմէն Պետրոսեանի հետ, որ ներկայացուց հանդիպումին արդիւնքները: «Այնպիսի խօսակցութիւններ, ինչ կայ, եթէ քաղաքացիութիւնը չընդունէք, թոշակ չէք ստանալու, նման հարց չկայ, եւ որ հաւաստիացրել է, որ բոլորն իրենց թոշակները ստանալու են, քաղաքացիական անձինք Հոկտեմբերի 26ից սկսած, իսկ զինծառայողները օրէնքի փոփոխութիւնից յետոյ, հաւաստիացրել են, որ ստանալու են», ըսաւ ան։

Թէ՛ այս Սեպտեմբերին տեղահանուած եւ թէ 44օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստան հաստատուած արցախցիները նպաստ-թոշակ չեն ստացած Սեպտեմբերէն ի վեր։ Կառավարութիւնը նախ յայտարարեց, որ չի կրնար վճարել այդ գումարները, ապա բոլոր տեղահանուածներուն Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն համար 50 հազար դրամ յատկացնելու ծրագիր ներկայացուց՝ իբրեւ այս չտրուող գումարներու փոխհատուցում:

Պետրոսեան նաեւ յայտնեց, որ Հինգշաբթի այդ մասին յայտարարութիւն մը պիտի կատարուի:

Նախարարութենէն յայտնեցին, որ 50 հազարի ծրագիրը չէ չեղարկուած. արցախցիները թոշակները հաւանաբար Դեկտեմբերի սկիզբը ստանան` Հոկտեմբերի վերջին հինգ օրերուն, Նոյեմբերի եւ Դեկտեմբերի համար:  Սակայն, կայ կարեւոր պայման մը` կենսաթոշակ կամ նպաստ ստանալու համար պարտադիր է բնակութեան վայրի հասցէով արձանագրուած ըլլալը: Հայաստան եկած բոլոր տարեցները պէտք է արձանագրուին այն հասցէով, ուր ներկայիս կը բնակին:

«Էդ հարցն էլ ենք բարձրացրել, ասել են` գրանցումը կարող էք ունենալ տուեալ անձնագրային բաժնում, պարտադիր չէ, որ դուք ունենաք որեւէ սեփականութիւն, կամ ձեր գրանցումը չի դառնալու ոտնձգութիւն ինչ-որ մէկի սեփականութեան վրայ», նշեց ան:

Տուն-տեղը ձգած արցախցիները նաեւ իրենց կորսուած սեփականութեան հարցը կը բարձրացնեն: Գործադիրէն յայտնեցին, որ ներկայ դրութեամբ կորսուածները գոյքագրելու որեւէ մարմին չկայ, փոխարէնը արցախցիները բնակարանով ապահովելու ծրագիրներ կը քննարկուին։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2023, 07:51