Որոնել

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 

Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի կատարէ ներկայացուցիչներու տան նիստի բացման աղօթքը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հրաւիրած է հանդէս գալու Ներկայացուցիչներու տան նիստի բացումին աղօթքով:

«Սփիւռքի տարի Բ.- ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» այս տարուան հայրապետական հռչակագիրին լոյսին տակ, երկուշաբթի, 6 նոյեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը հովուապետական պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, ուր պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, Լիբանանի դեսպան Ուաէլ Հաշեմի, առաջնորդական փոխանորդ Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեանի եւ ազգայիններու կողմէ:

Յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին, վեհափառ հայրապետը յատկապէս պիտի այցելէ Ուաշինկթընի, Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եորքի եւ Քընաթիքըթի գաղութները եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ հաւատացեալներուն, երիտասարդներուն եւ թեմական, պետական ու եկեղեցական պատասխանատու մարմիններուն հետ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ դասախօսութիւններ պիտի տայ համալսարաններուն մէջ, պիտի ունենայ միջեկեղեցական հանդիպումներ եւ պիտի նախագահէ արեւելեան, արեւմտեան ու Քանատայի թեմերու հոգեւոր հայրերու համագումարին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հրաւիրած է  հանդէս գալու Ներկայացուցիչներու տան նիստի բացումին աղօթքով:

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը իբրեւ հիւր քահանայապետ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ` այս հինգշաբթի օրուան նիստէն առաջ կատարելով բացման աղօթքը», կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` յիշեցնելով, որ 2022 թուականի սեպտեմբերին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համագումարի ժամանակ ընտրուած է խորհուրդի նախագահ` ներկայացնելով Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները:

Արամ Ա. կաթողիկոսի` Ներկայացուցիչներու տան նիստի բացման աղօթքը ուղղակիօրէն պիտի սփռուի Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Դիմատետրի եւ «Թուիթըր»-ի էջերուն ընդմէջէն:

Աղբիւրը՝ Ազդկա

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2023, 08:33