Ապահովութեան Խորհուրդը կոչ ուղղեց Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարներ հաստատելու
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց Մալթայի կողմէ ներկայացուած նախագիծը, որ Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարներ հաստատելու կոչ կ՛ուղղէ:
Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած որոշումը կոչ կ՛ուղղէ հաստատելու «շարք մը օրերու համար բաւարար զինադադարներ եւ ընդարձակ ու շտապ մարդասիրական միջանցքներ ստեղծելու»` արտօնելու Կազայի մէջ քաղաքայիններուն մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարումը:
Գրեթէ իր բոլոր պարբերութիւններուն մէջ մանուկներու կացութեան ակնարկող որոշումը կոչ կ՛ուղղէ` «բոլոր կողմերուն յարգելու միջազգային օրէնքին հիմամբ իրենց ստանձնած յանձնառութիւնները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի քաղաքայիններուն, մանաւանդ մանուկներու պաշտպանութեան»:
Որոշումը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` «անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու բոլոր գերիները, մասնաւորաբար մանուկները, որոնք կը գտնուին Համասի եւ միւս խմբաւորումներուն մօտ»:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով որոշումի որդեգրումը, յայտնեց. «Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղենք գործադրելու Կազայի մէջ գերիները ազատ արձակելու իր որոշումը, եւ առանց անոնց վերադարձին մարդասիրական զինադադարներու հաստատման առիթ չկայ»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը կ՛ուզէ աւերել Կազայի հիւսիսը եւ անվտանգութեան գօտի ստեղծել, ինչ որ պաղեստինեան հողերու կցում կը նշանակէ»:
«Տարակարծութիւնները կը սրին Նեթանիահուի կառավարութեան հետ, որ քաղաքայիններու սպանութենէն խուսափելու համար պէտք եղածը չ՛ըներ», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք դէմ ենք Կազայի մէջ հողերու կցման, մասնատման կամ նուազեցման: Կը մերժենք Կազայի մէջ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման գաղափարը եւ կը մերժենք որեւէ ծրագիր, որ կ՛ականահարէ երկու պետութիւններու ստեղծումով լուծումը»:
«Տակաւին Նեթանիահուի կառավարութեան վրայ ազդեցութիւն ունինք, սակայն ժամանակը կը սպառի», շեշտեց պաշտօնատարը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր կարգին յայտնեց. «Իսրայէլէն պահանջեցինք Կազայի Շիֆա հիւանդանոցին մէջ իր զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին շատ զգուշ ըլլալ»:
«Համաս պատերազմական ոճիր գործեց իր զինուորական կեդրոնը հիւանդանոցին տակ թաքցնելով, եւ Իսրայէլ այնտեղ մեծաթիւ ուժերով մուտք չգործեց», ըսաւ Պայտըն` նշելով. «Պատերազմը պիտի դադրի, երբ Համաս կորսնցնէ կռուելու եւ իսրայէլացիներուն դէմ ահաւոր արարքներ գործելու կարողութիւնը»:
«Ես եռանդուն կերպով ներգրաւուած եմ գերիներու ազատ արձակման բանակցութիւններուն մէջ, եւ Քաթարէն մեծ գործակցութեան ականատես կը դառնանք», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Կարելիս պիտի ընեմ գերիները ազատագրելու, եւ զինուորական միջամտութեան մասին չեմ խօսիր»:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յստակ դարձուցի, թէ երկու պետութիւններու ստեղծման լուծումը միակ ուղին է: Իսրայէլացիներուն յստակ դարձուցի, թէ Կազայի վերագրաւումը սխալ պիտի ըլլայ», ըսաւ Պայտըն:
«Իսրայէլ հիւանդանոց մուտք գործեց, մինչ անոր զինուորները զէնք կը կրէին, եւ անոնց հետ քննեցինք կարիքը, որ պէտք է շատ զգուշ ըլլան», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Մինչ այդ, «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի Շիֆա բժշկական համալիրին տակ փապուղիներու գոյութեան որեւէ փաստ չէ գտած:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ համալիրին մէջ զէնքեր եւ հրամանատարական կեդրոն յայտնաբերած է, սակայն Համաս հերքեց` այդ յայտարարութիւնը որակելով «սուտ» եւ «քարոզչութիւն»:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ պահանջեց պաշտօնազրկել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ անոր փոխարէն իշխող Լիքուտ կուսակցութենէն այլ վարչապետ մը ընտրել` ընդգծելով. «Իսրայէլեան հասարակութիւնը անոր չի վստահիր»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց իսրայէլեան ուժերու Շիֆա բժշկական համալիր ներխուժումն ու Կազայի մէջ յորդանանեան դաշտային հիւանդանոցի ռմբակոծումը` զանոնք նկատելով միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ միջազգային բոլոր արժեչափերու ու հռչակագիրներու ակներեւ ոտնահարում:
Սէուտական Արաբիա յայտնեց. «Պէտք է գործի լծել միջազգային հաշուետուութեան մեքանիզմները` ի տես իսրայէլեան բռնագրաւման ուժերուն մանուկներու, կիներու, քաղաքայիններու, առողջապահական կառոյցներու եւ փրկարար անձնակազմի նկատմամբ շարունակուող վայրագ ու անմարդկային արարքներուն»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ողջունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած որոշումը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ