Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-CONFLICT-KARABAKH-REFUGEES

Յունաստանը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Հայաստան ԼՂ-էն bռնի տեղահանուածներուն էամար

«Յունաստանը կանգնած է Հայաստանի կողքին, որ այսօր մէկ անգամ եւս կ՝ապացուցուի։ Օգտուելով առիթէն՝ կ՝ուզեմ նաեւ ըսել, որ Յունաստանը մեծապէս կ՝աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան»,- ըսած է ՀՀ-ի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը։

Յունաստանը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Հայաստան՝ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներուն համար։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած է ՀՀ-ի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էւանկելոս Դուրնագիսը։

Ան մասնաւորապէս յայտնած է, որ յունական կողմը այսօր Հայաստանի կառավարութեան յատկացուցած է չորս թոն մարդասիրական բեռ։ Երեւան ժամանած է նաեւ յատուկ մասնագիտացուած մարդոց խումբ՝ բաղկացած հոգեբաններէ եւ ընկերային աշխատողներէ, որոնք հոգեբանական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներուն, որոնք տուժած են մարդկայնական ճգնաժամէն։

«Յունաստանը կանգնած է Հայաստանի կողքին, որ այսօր մէկ անգամ եւս կ՝ապացուցուի։ Օգտուելով առիթէն՝ կ՝ուզեմ նաեւ ըսել, որ Յունաստանը մեծապէս կ՝աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան»,- ըսած է ՀՀ-ի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը։ 

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2023, 08:29