Կազայի մէջ ցարդ սպաննուած են 31 լրագրողներ
Նիւ Եորք հաստատուած Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը, որ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, 31 Հոկտեմբերին յայտարարեց, որ 7 Հոկտեմբերէն ի վեր, Կազայի մէջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սպաննուած լրագրողներու թիւը հասած է 31ի։
«Այս շրջանին Կազայի մէջ սպաննուած լրագրողներու թիւը 1992էն ի վեր՝ նահատակուած ռազմական լրագրողներու պատմութեան մէջ ամէնէն բարձրն է», կը շեշտուի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ ։
Նշենք, որ իսրայէլեան ուժերը նոյն օրերուն հարաւային Լիբանանի մէջ սպանեցին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան լրագրող մը։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
02/11/2023, 07:59