Որոնել

A view of military action at a location given as Gaza, amid the conflict between Israel and the Palestinian Islamist group Hamas

Կազայի մէջ զոհերուն թիւը անցաւ 9770-ը. Մեծ մասը երեխաներ են

Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը նման տուեալներ ներկայացուցած է Al Hadath հեռուստաալիքով։

Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքով զոհուած պաղեստինցիներու թիւը գերազանցած է 9,7 հազարը, այդ շարքին՝ 4,8 հազարը երեխաներ։

Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը նման տուեալներ ներկայացուցած է Al Hadath հեռուստաալիքով։

«Կազայի հատուածի վրայ իսրայէլեան ռմբակոծութիւններու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 9770-ի, այդ շարքին՝ 4800-ը՝ երեխաներ, տուժած է 24 808 մարդ», -ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։ 

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2023, 09:00