Որոնել

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: 

Զախարովա. «Հայաստանի համար ճակատագրական հարցի վերաբերեալ որոշումները կայացած են առանց Հայ ժողովուրդի կարծիքը հաշուի առնելու»

Զախարովան յայտնած է. «Եւրոպական Միութիւնը ամբողջովին վարկաբեկած է ինքզինք իբրեւ միջնորդ ոչ միայն Պալքաններուն մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի առնչուած կացութեան մէջ:

Հայաստանի իշխանութիւնները երկրին համար կարեւոր որոշումներ տալու հոլովոյթին մէջ հաշուի չեն առներ հասարակութեան կարծիքը: Այս մասին «Սփութնիք» ձայնասփիւռի կայանի եթերէն յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Առանց հանրային կարծիքի, առանց հանրաքուէի արդիւնքներու վրայ յենուելու, կը տրուին որոշումներ, որոնք համապետական նշանակութիւն ունին ոչ միայն այսօրուան, այլեւ ազգի պատմութեան ծիրին մէջ: Աւելի՛ն, կը տրուին որոշումներ, որոնք կը հակասեն այն ամէնուն, ինչ որ ըսած են ընտրութիւններու երթալու ընթացքին… Մենք ոչ ոքի ոչինչ կը պարտադրենք, խորհուրդ չենք տար, չենք ըսեր, որ ատիկա պէտք է կատարուէր կամ պէտք չէր կատարուէր: Ասիկա ուղղակի փաստի արձանագրում է:

«Հայաստանի համար ճակատագրական հարցի վերաբերեալ որոշումներ տրուած են առանց հայ ժողովուրդի կարծիքը հաշուի առնելու: Անոնք ընդունուած են արտասահմանի մէջ տեղ մը` Պրիւքսելի եւ Փարիզի հովանիին տակ: Անոնք քանի մը ամիս չէին բարձրաձայնուիր, ըստ երեւոյթին, ներսէն ժողովրդական զայրոյթի պարագային տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու միջոցով ապահովագրութիւն կը ստեղծուէր, յետոյ անոնք կը ներկայացուէին իբրեւ տեղի ունեցած ու անխուսափելի բան մը: Ասիկա այն դիրքորոշումն է, որով Երեւանը մտաւ Արեւմուտքի հովանիին տակ բանակցութիւններու մէջ: Ասիկա պէտք է հասկնալ», ըսած է Մարիա Զախարովա:

Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի տեղակայման առնչուող հարցերը կը կարգաւորուին համապատասխան փաստաթուղթերով:

«Մենք ամէն պարագայի կը մեկնինք մեր համաձայնութիւններէն, որոնք արձանագրուած են թուղթի վրայ, ասիկա առաջին: Եւ երկրորդ` մենք որոշակի կերպով պիտի արձագանգենք, որոշակի քայլերուն եւ որոշումներուն, իսկ ենթադրել, թէ ինչ կրնայ ընել, ատով կը զբաղին վերլուծաբանները: Մենք մեկնաբանութիւններ կու տանք ընթացիկ իրադարձութիւններու վերաբերեալ, որոնք արդէն տեղի ունեցած են կամ անոնց վերաբերեալ, որոնք անպայման տեղի պիտի ունենան», ըսած է դիւանագէտը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ռուսական կողմը Երեւանէն բացասական քայլեր կ՛ակնկալէ՞ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի ապագային վերաբերեալ:

Ան նաեւ ըսած է. «Կրանատայի մէջ կայանալիք հանդիպումին մասնակցելէ հրաժարիլը Ազրպէյճանի գերիշխան իրաւունքն է` որոշելու իր դիրքորոշումն ու քաղաքականութիւնը: Որքան կը հասկնամ` խօսքը հանդիպումի մասին է, որուն մենք չենք մասնակցիր: Ուստի այս պարագային անհրաժեշտ չեմ նկատեր մեկնաբանել կողմերու որոշումը», ըսած է ան:

Զախարովան յայտնած է. «Եւրոպական Միութիւնը ամբողջովին վարկաբեկած է ինքզինք իբրեւ միջնորդ ոչ միայն Պալքաններուն մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի առնչուած կացութեան մէջ:

«Անոնք մեծ խոստումներ տուած են, սակայն այլ բան չեն ըրած, բացի սադրանքներէն, որոնք յանգեցուցած են կացութեան պայթեցման: Կացութիւնը կրնար եւ պէտք է լուծուէր իրաւական եւ քաղաքական ճամբով` հաշուի առնելով կացութեան բոլոր պատմական առանձնայատկութիւնները»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին համաձայն, 19-20 սեպտեմբերին Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցոյց տուած են, որ եւրոպացի դէտերը որդեգրած են «ամէնէն զազրելի» դիրքորոշումը: Անոնք սկիզբը զբաղած էին Հայաստանը յորդորելով եւ խոստումներ տալով, եւ Երեւանին ուղղակի ձգեցին մէկ այլ ծուղակի մէջ, իսկ ետքը դարձան լուռ դէտեր:

«Ինքնին Արեւմուտքը` Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը, Հայաստանը ետ պահեցին Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարումէն: Պրիւքսելը առաջիններէն մէկն էր, որ կ՛ըսէր, թէ պէտք չէ իրականացնել այն ամէնը, ինչի շուրջ Մոսկուան, Երեւանը եւ Պաքուն համաձայնած են, եւ որ անհրաժեշտ է երթալ յատուկ ճամբով: Ցաւօք, մենք հիմա կը տեսնենք, թէ ո՛ւր կը տանէր այդ յատուկ ճամբան: Ռուս խաղաղապահները ինչպէ՛ս միջնորդած են զինադադարի հասնելու համար, Եւրոպական Միութիւնը նոյնպէս տեսած է», ըսած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, կացութեան բարելաւման ու կայունացման օգնելու փոխարէն Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիան մեղադրած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին իբրեւ թէ դաւաճանելու համար: Ինչպէս նշած է Զախարովան, «Ռուսիան չէ դաւաճանած, ան միշտ Հայաստանի կողքին եղած է, դադրեցուցած է արիւնահեղութիւնը, օգնած ֆինանսապէս եւ մարդասիրաբար»:

Անոր տեսանկիւնէն, իրականութեան մէջ ինքնին Եւրոպական Միութիւնը դաւաճանած է հայերուն:

Պրիւքսելը, Զախարովայի համաձայն, շրջանին մէջ սադրիչ դարձած է: «Եւրոպացի դէտերը կրակի տակ չեն ինկած եւ ողբերգականօրէն չեն մահացած, անոնք միայն թեժացուցած են կացութիւնը, որովհետեւ ատիկա այն ամէնն է, ինչ անոնք գիտեն, թէ ինչպէս ընել», աւելցուցած է ան:

Զախարովայի կարծիքով` Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը ոչ մէկ ապամագլցում չ՛ապահովէ, այլ միայն հետախուզական գործառոյթներ կը կատարէ եւ զբաղած է կացութեան հրահրումով:

Անդրադառնալով «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծման` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է. «Այդ աշխատանքը կ՛իրականացուի Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու համանախագահութեան ծիրին մէջ, կը քննարկուի Հայաստանի Սիւնիքի մարզով Ազրպէյճանը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ կապող փոխադրական երթուղիի վերականգնման նախագիծը: Այս նախագիծի իրականացման մէջ մենք կը տեսնենք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջընթացի զգալի ներուժ: Եւ, ի հարկէ, ամէն ինչ կախեալ է երկիրներու քաղաքական կամքէն եւ որոշակի համաձայնութիւններ ձեռք բերելու պատրաստակամութենէն»:

Աղբիւրը ՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2023, 08:20