Որոնել

Եւրոպական միութեան դրօշակը Եւրոպական միութեան դրօշակը  (AFP or licensors)

Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ` Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու

Բանաձեւին թեր քուէարկած է 491, դէմ 9, ձեռնպահ մնացած է 36 երեսփոխան: Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու վերաբերեալ բանաձեւերը իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող չեն, սակայն եւրոպական միւս կառոյցները պէտք է լսեն Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու կարծիքը:
Ունկնդրէ լուրը

Երէկ Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած լիագումար նիստի ընթացքին Եւրոպական խորհրդարանի անդամները որդեգրած են իրաւականօրէն ոչ պարտադիր բանաձեւ մը, որ Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ` Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու` Լեռնային ղարաբաղի վրայ յարձակումին առնչուած, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` վերատեսութեան ենթարկելու համագործակցութեան զարգացումը եւ նուազեցնելու ազրպէյճանական կազի ներածումէն կախեալութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Բանաձեւին թեր քուէարկած է 491, դէմ 9, ձեռնպահ մնացած է 36 երեսփոխան: Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու վերաբերեալ բանաձեւերը իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող չեն, սակայն եւրոպական միւս կառոյցները պէտք է լսեն Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու կարծիքը:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ «Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան եւ անդամ երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` նպատակաուղղուած պատժամիջոցներ սահմանելու Ազրպէյճանի կառավարութեան այն անձերուն դէմ, որոնք պատասխանատու են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի բազմաթիւ խախտումներուն եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար»:

Երեսփոխանները կոչ կ՛ուղղեն «արտաքին քաղաքականութեան հարցերով Եւրոպական Միութեան բարձրագոյն յանձնակատարին դադրեցնելու Ազրպէյճանի հետ գործընկերութեան համաձայնագիրի թարմացման շուրջ բանակցութիւնները, քանի տակաւին Ազրպէյճանը անկեղծ պատրաստակամութիւն չէ ցուցաբերած յարգելու Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը»:

Հակառակ պարագային, երեսփոխանները «Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղեն անդամ երկիրներուն դիտարկելու մուտքի արտօնագիրի դիւրացման մասին համաձայնագիրի կիրարկումը կասեցնելու եւ այլ ոլորտներու մէջ այս երկրին հետ համագործակցութեան մակարդակը նուազեցնելու հարցը»:

Եւրոպական խորհրդարանը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ Եւրոպական Միութիւնը «նուազեցնէ կախեալութիւնը Ազրպէյճանի կազէն», իսկ Պաքուի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան խորացման պարագային «ի սպառ դադրեցնէ քարիւղի եւ կազի ներմուծումը» Ազրպէյճանէն:

Աղբիւրը ՝Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2023, 08:03