Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի դատին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Արցախի Հայերը ցեղային զտումի ենթարկելու ծրագիրը իրականութիւն է
«Լեռնային Ղարաբաղի հայերին ցեղային զտման ենթարկելու ծրագիրն արդէն իրականութիւն է», ՄԱԿի Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ, 12 Հոկտեմբերին յայտարարեց միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան, «Հայաստանն ընդդէմ Ատրպէյճան»ի դատի լսումներուն սկիզբը՝ ընդգծելով, որ 9 ամիս առաջ նոյն ամպիոնէն ինք զգուշացուցած էր, որ Պաքու այդպիսի ծրագիր մը կը մշակէ:
«9 ամսեայ շրջափակումից յետոյ, կոպտօրէն խախտելով դատարանի որոշումները եւ ի հեճուկս միջազգային լայնածաւալ դատապարտման, Ադրբեջանը Սեպտեմբերի 19ին նախաձեռնեց յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Ապա Պաքու բացեց Լաչինի միջանցքը՝ մի նպատակով, որ 100 հազարից աւելի փախչող հայերին դուրս հանի Ղարաբաղից: Հազարամեակներ շարունակ ԼՂում ճնշող մեծամասնութիւնը հայեր են եղել, այսօր ԼՂում հայազգի մարդիկ գրեթէ չկան, եթէ սա ցեղային զտում չէ, տիկին նախագահ, ապա ես չգիտեմ՝ ո՞րն է ցեղային զտումը», ըսաւ Կիրակոսեան:
Ատրպէյճան իր գործողութիւններով բազմիցս ցոյց տուած է, որ ոչ միայն պատրաստ է ապակողմնորոշել միջազգային հանրութեանը, այլ նաեւ թիւր կերպով ներկայացնել դատարանի կարգադրութիւնները, յայտարարեց Կիրակոսեան՝ շեշտելով, որ այս պայմաններուն մէջ Արցախի հայերուն իրաւունքները պաշտպանող միջանկեալ միջոցներով միայն կարելի պիտի ըլլայ կանխել ցեղային զտումներու շարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտպանել Արցախի բանտարկուած ռազմաքաղաքական առաջնորդները շինծու մեղադրանքներէն:
Ան շեշտեց, որ եթէ միջանկեալ որոշումները անորոշութիւններ ունենան, Պաքու կրնայ դարձեալ շահագործել զանոնք եւ վերջնականապէս պիտի հասնի Արցախի բնիկ հայկական ներկայութեան եւ պատմութեան ոչնչացումին:
«Թոյլ տուէք պարզ խօսել: 2020ի Սեպտեմբերից ի վեր Ադրբեջանը քայլեր է ձեռնարկել՝ զտման ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի հայերին, ու դա արել է այս դատարանում Հայաստանի ներկայացրած դիմումի քննարկմանը զուգահեռ: Քաղաքական նպատակների պատճառով թերեւս միջազգային հանրութիւնը չի դադարեցրել այդ գործընթացը, բայց ցեղային զտման իրականութիւնը պարզ է բոլորին: Այսօր դուք դեռ կարող էք տեղում էապէս փոխել իրավիճակը, դեռ ժամանակ կայ կանխելու հայերի հարկադիր տեղահանութեան անշրջելիութիւնը: Հատուկենտ հայեր են մնացել ԼՂում, ինչպէս նաեւ հայեր են առեւանգուել եւ ապօրինի պահւում են Ադրբեջանի բանտերում», նշեց Կիրակոսեան:
Հայկական կողմի շահերը պաշտպանեցին նաեւ շարք մը միջազգային մասնագէտներ։
Հրապարակելով Արցախէն գաղթող հայերու լուսանկարները՝ փաստաբան Էլիսըն ՄըքՏանըլտ կարեւոր համարեց անոնց ապահով տունդարձը, անոնց լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը սեփական հողին վրայ պահպանելը: Ան շեշտեց, թէ Պաքու դէմ է միջազգային դիտորդներու ներկայութեան, հայերու վերադարձի հնարաւորութիւն չտալու նպատակով եւ քննադատեց ՄԱԿի առաքելութեան «թատերական այցելութիւն»ը:
Ռազմական վերջին գործողութիւններէն, քանդուած խաչի, Ստեփանակերտի մէջ փողոց մը Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն Էնվերին անունով վերանուանումէն լուսանկարներ ցոյց տուաւ իրաւաբան Մարթին Լորընս, որ հայկական դրօշակի գոյներով փողկապով եկած էր դատարան:
«Իրադարձութիւնները փաստեցին, որ հայերը ճիշդ ըրին Լեռնային Ղարաբաղէն փախուստ տալով, որովհետեւ Պաքու անօրինաբար ձերբակալեց Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաքաղաքական վերնախաւը: Մինչեւ այսօր, 8 գործիչներ, ներառեալ՝ 3 նախկին նախագահներ, ձերբակալուած են, եւ տակաւին 300 հետախուզուողներու մասին կը խօսուի», նշեց ան:
Արաւել քան 2 ժամ տեւած լսումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Արցախի հայ բնակչութիւնը պարտադրուած հեռացաւ իր հայրենիքէն, իսկ Պաքու քայլերու կը դիմէ, որպէսզի հայերուն վերադարձը անկարելի դարձնէ:
10 կէտերէ բաղկացած հայցով, Երեւան կ՛ակնկալէ, որ Ատրպէյճան իր զինուորականները դուրս բերէ 19-20 Սեպտեմբերին գրաւած բնակավայրերէն, չի միջամտեր հայերու հետ ՄԱԿի եւ Կարմիր Խաչի աշխատանքներուն եւ պատժիչ միջոցներ չի ձեռնարկեր Արցախի իշխանութիւններու նախկին կամ ներկայ ներկայացուցիչներուն դէմ:
Պատասխան ելոյթով հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Էլմար Մամետով, որ «վստահեցուց», թէ Պաքու ցեղային զտումի նպատակ չի հետապնդեր` պնդելով, որ հայերը կրնան վերադառնալ Արցախի իրենց տուները եւ թէ անոնց ապահով վերադարձին համար պայմաններ պիտի ստեղծուին:
Յստակ չէ, թէ երբ պիտի հրապարակուի ՄԱԿի դատարանի միջանկեալ որոշումը:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ