Որոնել

FILE PHOTO: Refugees from Nagorno-Karabakh arrive in Kornidzor

ՄԱԿ - Նտերիթու. «Արցախահայերու վերադարձի իրաւունքը պէտք է առաջնահերթ ըլլայ»

«Ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր ջանքերը գործադրելու այս շրջանին մէջ մնացած հայ բնակչութեան, եւ անոնց իրաւունքներու եւ պաշտպանութեան ապահովման համար, որոնք հեռացուած են, ներառեալ վերադարձի իրաւունքը, որ պէտք է առաջնահերթ ըլլայ»:

ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան կանխարգիլման գծով յատուկ խորհրդական Ալիա Վայրիմու Նտերիթու հաստատած է, որ մտահոգուած է Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ տիրող կացութեամբ, ուր ընդամէնը մէկ շաբթուան մէջ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է աւելի քան 100.600 տեղահանուած, ներառեալ 30.000 երեխայ:

«Ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր ջանքերը գործադրելու այս շրջանին մէջ մնացած հայ բնակչութեան, եւ անոնց իրաւունքներու եւ պաշտպանութեան ապահովման համար, որոնք հեռացուած են, ներառեալ վերադարձի իրաւունքը, որ պէտք է առաջնահերթ ըլլայ»:

Յատուկ խորհրդականը կրկնած է Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին կոչը, որ ներքին տեղահանուած անձերու եւ նման կացութեան մէջ գտնուող գաղթականներու իրաւունքները պէտք է պահպանուին, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել վերադարձի իրենց իրաւունքը անվտանգ եւ արժանապատիւ կերպով:

Վայրիմու Նտերիթու նշած է, որ Ազրպէյճանը երաշխաւորած է հայ բնակչութեան պաշտպանութիւնը եւ անոնց իրաւունքներու ապահովումը: Ան ողջունած է, որ ՄԱԿ-ին նախնական հասանելիութիւն տրամադրուած է այս շրջանին մէջ մարդասիրական կացութեան գնահատման համար: Ան ընդգծած է գործնական քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը հայերու անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ:

«Այդ դրական քայլերը պէտք է շարունակել նաեւ լիակատար մարդասիրական հասանելիութեան տրամադրման միջոցով: Ես Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեմ` քայլերու ձեռնարկելու համալիր ծրագիրի մշակման համար, ներառեալ վերադարձի իրաւունքը այն մարդոց, որոնք փախած են, ինչպէս նաեւ շօշափելի քայլեր փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու եւ պաշտպանութեան ապահովման ուղղութեամբ, որոնք միջազգային օրէնքի անկիւնաքարերն են», նշած է ան:

Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է հետաքննել խախտումները, քաղաքային բնակչութեան ծիրին մէջ զոհերու մասին տեղեկութիւնները, եւ եթէ անոնք հիմնաւորուած են, պատասխանատուութեան ենթարկել մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական իրաւունքի ոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող համապատասխան միջազգային չափորոշիչներու համաձայն:

Վայրիմու Նտերիթու կրկնած է իր կոչը երկխօսութիւնը աշխուժացնելու վերաբերեալ, որպէսզի կանխարգիլուին հետագայ որեւէ զինուորական թեժացում եւ բռնութիւն, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ամուր խաղաղութիւն ապահովուի: «Շրջանը շատ երկար եղած է բռնութեան վկան: Խաղաղ բնակչութեան դէմ գործադրուած ազդեցութիւնը միշտ կործանարար եղած է: Յանցագործութիւններու վտանգը կը պահպանուի: Բոլոր մարդիկ շրջանին մէջ արժանի են բռնութենէ եւ վախէ ազատ ապագայ ունենալուն: Այս ամէնը կը պահանջէ որոշակի քայլեր ամուր խաղաղութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ խոր սպիներու, անվստահութեան յաղթահարման համար»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2023, 09:37