Որոնել

Ստեփանակերտ Ստեփանակերտ  (Aziz Karimov)

Վերջին երեք տասնամեակներուն առաջին անգամ ըլլալով ՄԱԿի առաքելութիւնը մտաւ Արցախ

ՄԱԿի առաքելութեան ժամանումի ուշացած ըլլալը կը հաստատէ նաեւ ամերիկացի յայտնի դիւանագէտ, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի նախկին համանախագահ Քերի Քաւանոն, որ դիտել տուաւ, որ միջազգային դիտորդներուն այցելութիւնը իմաստ կ՛ունենար չորս օր առաջ, երբ դեռ չէր հեռացած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մեծ մասը:
Ունկնդրէ լուրը

Վերջին երեք տասնամեակներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ՄԱԿի առաքելութիւնը 1 Հոկտեմբերին մուտք գործեց Արցախ:

ՄԱԿի ներկայացուցիչներու այցելութեան մասին տեսանիւթ հրապարակեցին ատրպէյճանական պաշտօնական լրատուամիջոցները. անոնց մէջ կ՛երեւին կազմակերպութեան նշանակով քանի մը ինքնաշարժներէ կազմուած շարասիւն մը, որ կ՛ուղղուի մայրուղի, ապա կանգ կ՛առնէ բնակավայրի մը մէջ: Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ շարասիւնը Լեռնային Ղարաբաղ մտաւ Աղտամ-Ասկերան-Ստեփանակերտ երթուղիով, Կիրակի օր, երբ այդ նոյն ժամերուն կը տեղահանուէին Արցախի վերջին բնակիչները:

Յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ միջազգային կառոյցի ներկայացուցիչները տարածաշրջանը հասան ճիշդ այն պահուն, երբ Արցախի գիւղերը եւ քաղաքները գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկ են, եւ թէ քանի օրով պիտի մնան տարածաշրջանին մէջ: Յստակ է սակայն, որ ՄԱԿի առաքելութեան մաս կը կազմեն բացառապէս կազմակերպութեան՝ Ատրպէյճանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտները, որոնց այցելութիւնը կազմակերպուած է Ալիեւի վարչակազմին հետ համագործակցութեամբ: Այս մասին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի խօսնակ Սթեֆան Տիւժարիքը:

«Մենք Լեռնային Ղարաբաղ հասանելիութիւն չունէինք երեսուն տարիներ: Այդ իսկ պատճառով կարեւոր է, որ մենք վերջապէս կրցանք հասնել հոն: Տեղւոյն վրայ խումբը պիտի արժեւորէ ընթացիկ իրավիճակը եւ պիտի որոշէ մարդասիրական կարիքները՝ թէ՛ անոնց, որոնք մնացած են տարածաշրջանին մէջ, եւ թէ անոնց, որոնք կը լքեն զայն», ըսաւ ան: 

Ասուլիսին ներկայ լրագրողներէն մէկը հարցուց, թէ ի՞նչ էր հարցը, որ երեսուն տարուան ընթացքին միջազգային առաջատար կառոյցը չէ կրցած մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ, ՄԱԿի պաշտօնեան համառօտ է արձագանգեց. «Շատ բարդ եւ նուրբ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը»:

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական տուեալներուն՝ Արցախի բնակչութեան շուռջ 85 տոկոսը բռնի տեղահան եղաւ իր տունէն:  

Պաշտօնական Երեւան պնդեց, որ ՄԱԿ եւ հիմնական դերակատարները ճիշդ ժամանակին չձեռնարկեցին հասցէական թիրախային գործողութիւններու՝ կանխելու համար արհաւիրքը: Այս մասին 2 Հոկտեմբերին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Կիպրոսի պատգամաւորական պատուիրակութեան հետ հանդիպման:

ՄԱԿի առաքելութեան ժամանումի ուշացած ըլլալը կը հաստատէ նաեւ ամերիկացի յայտնի դիւանագէտ, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի նախկին համանախագահ Քերի Քաւանոն, որ դիտել տուաւ, որ միջազգային դիտորդներուն այցելութիւնը իմաստ կ՛ունենար չորս օր առաջ, երբ դեռ չէր հեռացած Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մեծ մասը:

«Իրենց տուներուն մէջ մնալ փափաքողները եթէ տեսնէին ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչները, միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնք մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրեն, աւելի ապահով պիտի զգային, պիտի տեսնէին, որ աշխարհը ուշադրութիւն կը դարձնէ», նշեց Քաւանոն:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատեն դիտել տուաւ, որ ՄԱԿի պաշտօնեաներուն ուղեւորութիւնը պիտի տեւէ քանի մը օր, անոնք պիտի ծանօթանան զինաթափման գործընթացին:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2023, 08:17