Որոնել

Aftermath of Israeli strikes in Gaza

ՄԱԿ-ը Իսրայէլին կոչ ըրած է չեղարկելու պաղեստինցիներու տարհանման հրամանը

24 ժամուան մէջ 1,1 միլիոն մարդ չի հասցներ տարհանուիլ

Կազայի հատուածի հիւսիսէն մարդոց` 24 ժամուան ընթացքին հեռանալու վերաբերեալ Իսրայէլի հրամանն անիրագործելի է. 1,1 միլիոն մարդ 24 ժամուան մէջ չի կրնար լքել տուները։ Այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ը՝ կոչ ընելով Իսրայէլին ետ կանչելու հրամանը՝ ընդգծելով, այդ կը յանգեցնէ աղէտի: Այս մասին յայտնած է BBC-ն:

ՄԱԿ-ն ընդգծած է, որ Իսրայէլի հրամանը կը վերաբերի բոլորին, ներառեալ մարդոց, որոնք ապաստան ստացած են ՄԱԿ-ի հաստատութիւններու մէջ, ինչպիսիք են դպրոցները եւ առողջապահական կեդրոնները:

Իրավիճակը բարդացրած է Համաս խմբաւորման ղեկավարման ներքոյ գտնուող Կազայի Ներքին գործոց նախարարութեան պատասխանը։ Այն կոչ ըրած է մարդոց չլքելու տուները, չարձագանգելու Իսրայէլի հրամանին՝ այն անուանելով «հոգեբանական պատերազմ», մինչդեռ իսրայէլցիները պաղեստինցիներուն կ'ըսեն՝ «հեռացէք՝ կեանքերնիդ փրկելու համար»:

Տարածքի խաղաղ բնակիչները յայտնուած են իրավիճակի մը մէջ, երբ Իսրայէլը մէկ կողմէն կը զգուշացնէ, որ ցամաքային յարձակում կը նախապատրաստէ Կազայի հատուածին մէջ, իսկ միւս կողմէ՝ Համասը կոչ կ'ընէ մարդոց անտեսելու այն:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2023, 09:30