ՄԱԿ-ը Պաղեստինեան-Իսրայէլեան տագնապի գօտիին մէջ անյապաղ հրադադար հաստատելու մասին բանաձեւ ընդունած է
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտարարել է, որ Կազայի հատուածին մէջ մարդասիրական ենթակառուցուածքներու վիճակը մօտեցած է լիակատար փլուզման:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ընդունած է արաբական երկիրներու մշակած բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ հրադադար հաստատելու պաղեստինեան-իսրայէլեան տագնապի գօտիին մէջ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ ՄԱԿ-ի կայքէն: Բանաձեւին կողմ քուէարկած է 120 երկիր, դէմ` 14, ձեռնպահ` 45:
Աւելի կանուխ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտարարել է, որ Կազայի հատուածին մէջ մարդասիրական ենթակառուցուածքներու վիճակը մօտեցած է լիակատար փլուզման:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Իսրայէլի ցամաքային գործողութիւններու ընդլայնման խորապատկերին վրայ նաեւ հրադադարի կոչ ուղղած է:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
30/10/2023, 07:56