Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (2)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Հայ գրականութեան վերածնունդը, որ ծանօթ է «Արդի Հայ Գրականութիւն» անունով, արդիւնք է մեր ազգային կեանքի զարթօնքին:
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Անցեալ հաղորդումով մեր ունկնդիրներուն ներկայացուցինք Հայ գրականութեան երկու թեւերուն գոյաւորման իմաստն ու արժէքը, իսկ այսօրուան մեր այս հանդիպումը յատկացուցած ենք Պոլսոյ մէջ սկիզբ առած Արեւմտահայ գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջանին առկայ քաղաքական ընդհանուր պատկերին։

Եւ այսպէս Հայ գրականութեան վերածնունդը, որ ծանօթ է «Արդի Հայ Գրականութիւն» անունով, արդիւնք է մեր ազգային կեանքի զարթօնքին:

Ընկերային, քաղաքական եւ գաղափարական որոշ նպաստաւոր պայմաններ 19րդ դարու առաջին կէսին հնարաւոր դարձուցին ազգային զարթօնքը հայութեան արեւմտահայ եւ արեւելահայ հատուածներուն մէջ։ Այս շարժումին իբրեւ անմիջական հետեւանք ծաղկեցաւ հայ նոր գրականութիւնը՝ նոր լեզուով եւ նոր ոգիով։

Հետեւաբար անհրաժեշտ է ակնարկ մը նետել մեր արդի գրականութեան վերածնունդը պատրաստող այդ պայմաններուն վրայ։

ա) 19րդ դարը մեծ փոփոխութիւններ բերաւ թրքական կայսրութեան համար, որովհետեւ Ռուսիա սկսաւ յառաջանալ դէպի Սեւ ծով, դէպի Պալքաններ եւ դէպի Կովկաս։ Ռուսական այս յառաջխաղացքը սպառնալիք մըն էր Թուրքիոյ համար, որուն վարիչները կարիքը զգացին վարչական բարեկարգութիւններ մտցնելու Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Եւրոպական միւս պետութիւններն ալ, որոնք բարեկամ էին Թուրքիոյ, նոյն բանը կը թելադրէին, որպէսզի առաջքը առնուի ռուսական նորանոր յաջողութիւններուն։

Առաջին պահանջքն էր՝ օրէնքին առջեւ մահմետականի եւ քրիստոնէի տարբերութիւնները ջնջել եւ քրիստոնեաներուն ինչքը եւ կեանքը ապահովել, որպէսզի ռուսերը պատրուակ չունենան Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտելու:

Միւս կողմէ եւրոպացիներուն թիւն ալ սկսած էր շատնալ Թուրքիոյ ծովեզերեայ քաղաքներուն մէջ (Պոլիս, Իզմիր): Այս պարագան, ինչպէս նաեւ եւրոպացի զինուորական մարզիչներու ներկայութիւնը թրքական բանակին մէջ, կը հարկադրէին որ Թուրքիան քիչ մը աւելի մօտենար եւրոպական կենցաղին եւ ըմբռնումներուն։

Թուրքիա պարտաւորուեցաւ, վերոյիշեալ պատճառներով, որոշ բարեկարգութիւններ մտցնել պետութեան մէջ։ Նախ յայտարարեց երկու կրօններու հաւասարութիւն՝ գոնէ սկզբունքով. փոփոխութեան ենթարկուեցաւ նաեւ թրքական նահանգներու վարչաձեւը։ Կառավարութիւնը յանձն առաւ ինքը նշանակել նահանգապետերը՝ իր անմիջական հսկողութեան տակ, փոխանակ առաջուան նման տուրքերու գանձումը այս այն փաշային վստահելու , որ ժողովուրդը կը կեղեքէր ուզածին չափ:

Սուլթան Ապտուլ Մեճիտ գահ բարձրանալուն պէս 1839ին, պաշտօնական հրովարտակով մը պետական օրէնք հռչակեց այս բարեկարգութիւնները, եւ այս օրէնքը կոչուեցաւ «Թանզիմաթ»։

Ասկէ ոչ շատ առաջ վերջ գտած էր նաեւ ենիչերիներու սանձարձակ գործող կազմակերպութիւնը, որ ոչ միայն աղէտ մըն էր Թուրքիոյ քրիստոնեայ հպատակներուն գլխուն, այլ նաեւ չարիք մը դարձած էր թուրք պետութեան համար։

Ահա այս բարեկարգութեանց շնորհիւ հայութիւնը սկսաւ շունչ քաշել եւ ազգային կեանքի նոր շրջան մը թեւակոխել։

բ) Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները դիւրացած էին՝ շնորհիւ շոգենաւերու կանոնաւոր երթեւեկին: Մասնաւորաբար Պոլիս եւ Իզմիր (Զմիւռնիա) դարձեր էին առեւտրական փոխանակութիւններու կեդրոն։ Թուրքիան հետզհետէ աւելի սերտ կերպով կը կապուէր Եւրոպայի հետ եւ կը ձգտէր եւրոպական պետութիւն դառնալ։ Արտաքին արագ փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենային -հագուստ, կարասի, կենցաղ, վարմունք եւ ուսում: Ամէն ինչ եւրոպականացման ճամբով կ'ընթանար ունեւոր ու բարձր դասակարգին մէջ:

Թուրքիոյ այս «արեւմտականացումը» զգալի փոփոխութիւններ բերաւ նաեւ Թուրքիոյ հայութեանամար։ Քրիստոնէի վկայութիւնը, խօսքը եւ կրօնքը քիչ մը աւելի բարձրացան: Դատարանները եւ պետական վարչութիւնները քիչ մը աւելի արդարութիւն աշխատեցան մտցնել իրենց գործերուն մէջ։ Ճամբաները համեմատաբար աւելի ապահով դարձան, երթեւեկը՝ աւելի տանելի:

Հայ ժողովուրդի վիճակը, յատկապէս մեծ քաղաքներու մէջ, առեւտրական եւ արդիւնաբերող դասակարգին համար մեծապէս բարելաւուեցաւ, համեմատած նախորդ անկայուն, անտէր եւ հալածուած վիճակին:

գ) Ծովեզերեայ քաղաքները ապրող հայութիւնը, մասնաւորաբար Պոլսոյ մէջ, շատ աւելի մեծ չափով օգտուեցաւ այս իրաւունքներէն եւ առեւտրական առաւելութիւններէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2023, 08:58