Որոնել

Armenia marks the National Day of Prayer for Artsakh

Մայր Աթոռը կը կազմակերպէ Արցախցի դպրոցականներու ուսումը Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ

Ճեմարան ընդունելութեան համար ծնողները պէտք է իրենց զաւակներէն պահանջուող փաստաթուղթերը անձամբ ներկայացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիին ներքոյ գործող Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը կը կազմակերպէ ընդունելութիւն 7-10 տարեկան արցախցի տղաներու եւ աղջիկներու համար:

Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ ուսուցումը անգլերէնով է, բացառութեամբ «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն», «Հայրենագիտութիւն», «Հայոց պատմութիւն» եւ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» նիւթերուն:

Հնդկաստանի մէջ պաշտօնապէս գրանցուած և պետականօրէն ճանչցուած հայկական դպրոցը Տելհիի՝ հնդկական տասնամեայ դպրոցական կրթութեան որակաւորման խորհուրդի անդամ է եւ աշակերտներուն լավագոյնս կը պատրաստէ 10-րդ դասարանի աւարտական քննութիւններուն: Ճեմարանի կրթական ծրագիրն ու չափորոշիչները համապատասխանեցուած են Տելհիի կրթական համակարգին:

Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ ուսումը անվճար է: Դպրոցը կը հոգայ նաեւ աշակերտներուն Հնդկաստան ուղեւորութեան, կեցութեան, սնունդի, հագուստի եւ բժշկական ծախսերը:

Ճեմարան ընդունելութեան համար ծնողները պէտք է իրենց զաւակներէն պահանջուող փաստաթուղթերը անձամբ ներկայացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոն։

Մարդասիրական ճեմարանի 10-րդ դասարանը «լաւ» կամ «գերազանց» գնահատականներով աւարտած հայ պատանիները կրնան իրենց ուսումը եւս 2 տարի շարունակել Կալկաթայի Լա Մարթինիեր անգլիական աւագ դպրոցին մէջ: Վերոյիշեալ դպրոցին մէջ աշակերտներու ուսման, ճեմարանի մէջ կեցութեան, սնունդի, հագուստի եւ բժշկական ծախսերը ամբողջապէս կը հոգայ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը:

Լա Մարթինիեր դպրոցի 11-րդ եւ 12-րդ դասարանները «լաւ» կամ «գերազանց» գնահատականներով աւարտած հայ պատանիներուն բացառիկ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռուի իրենց ցանկութեամբ եւ ընտրութեամբ, ինչպէս նաեւ ճեմարանի տեսչութեան համաձայնութեամբ, Հնդկաստանի որեւէ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան մէջ շարունակելու կրթութիւնը, ինչպէս պաքալորիայի, այնպէս եւ՝ մագիստրոսի աստիճաններուն համար: Ուսման ողջ ընթացքին հայ ուսանողներուն կը տրուի կրթաթոշակ, ինչպէս նաեւ ուսման, ճեմարանի մէջ կեցութեան, սնունդի, հագուստի եւ բժշկութեան ծախսերը ամբողջութեամբ կը հոգայ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը:

Ընդունելութեան համար կը պահանջուին հետեւեալ փաստաթուղթերը․

Անձնագիր,

Մկրտութեան վկայական,

Լուսանկար՝ 4 հատ (5 սմ x 5 սմ)․ լուսանկարի թուային տարբերակը հարկաւոր է ուղարկել mayratorqdk@gmail.com ել․հասցէին՝ նշելով անունը եւ ազգանունը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար զանգահարեցէ՛ք (010) 517 283 հեռախօսահամարով։

Դիմումները անհրաժեշտ է ներկայացնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոն, Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրերուն, ժամը` 10:00-17:00։

Հասցէ` ք. Էջմիածին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ:

Ել․ փոստ՝ mayratorqdk@gmail.com, contact@armeniancollege.edu.in

Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել

https://www.facebook.com/ArmenianCollegeAndPhilanthripicAcademy ֆէյսպուքեան էջը։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2023, 09:15