Իսրայէլ հիւսիսային Կազա կը ներխուժէ
Իսրայէլեան ուժերը Ուրբաթ օր ներխուժեցին հիւսիսային Կազա, ցամաքային լայնածաւալ ներխուժումէ մը առաջ շրջանէն հեռանալու կոչ ընելով տեղւոյն 1.1 միլիոն բնակչութեան։
ՄԱԿը քննադատեց այս քայլը, իսկ Ուաշինկթըն զսպուածութեան կոչ ըրաւ, քաղաքացիական զոհերու առաջքը առնելու յոյսով։
Իսրայէլ 7րդ օրն ըլլալով շարունակեց բուռն կերպով ռմբակոծել Կազան, իսկ Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, որ Իսրայէլ պիտի չվերականգնէ Կազայի ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, մինչեւ որ «Համաս»ը ազատ արձակէ գերիները:
Նախապէս «Համաս» գերիներու ազատ արձակումը կապած էր զինադադար հաստատելու իր պահանջին։ Կը կարծուի, որ «Համաս»ի մօտ կը գտնուին մօտաւորապէս 150 գերիներ։
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը հաղորդեց, որ իսրայէլացի զոհերուն թիւը բարձրացած է 1300ի, իսկ «Աքսայի ջրհեղեղ»ի սկիզբէն ի վեր սպաննուած իսրայէլացի զինուորներուն յայտարարուած թիւը բարձրացաւ 220ի:
Կազայի կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարեց, որ Կազայի մէջ ցարդ սպաննուած են առնուազն 1500 անձեր:
Իսրայէլեան ուժերը նաեւ Արեւմտեան ափին մէջ ներխուժեցին Երիքով, Թուլքարմ եւ Ճենին, ուր շարք մը պաղեստինցիներ ձերբակալեցին: Արեւմտեան ափի տարածքին Ուրբաթ օր տեղի ունեցած պաղեստինեան ցոյցերուն ընթացքին, իսրայէլեան ուժերը առնուազն 11 ցուցարարներ սպաննեցին։
Քաղաքական գետնի վրայ, Մոսկուայի մօտ Իսրայէլի դեսպան Ալեքսանտր պեն Ցվի յայտնեց, որ Իսրայէլ չի պատրաստուիր Իրանի հետ պատերազմելու եւ ազդարարեց, թէ վտանգ կայ, որ լիբանանեան «Հըզպալլա»ն եւս տագնապին մէջ ներգրաւուի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու հրէական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Իրանին կոչ ուղղած է՝ զգոյշ ըլլալու: Ան ընդգծեց, որ ամերիկեան օդանաւակիրը արդէն տեղակայուած է Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ եւ ըսաւ, որ իր երկիրը նաեւ հալածիչներ կ՛ուղարկէ Միջին Արեւելք:
Սպիտակ տան բանբեր Ճան Քըրպի նախքան այդ յայտարարած էր հետեւեալը. «Եթէ չըլլար Իրանի աջակցութիւնը, «Համաս»ը ընդհանրապէս չէր կրնար գործել: Սակայն մենք չենք տեսած որեւէ յստակ ապացոյց, որ անոնք ուղղակիօրէն ներգրաւուած եղած են շաբաթավերջին տեղի ունեցած ներխուժման ծրագրումին»:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ