Որոնել

PALESTINIAN-ISRAEL-GAZA-CONFLICT

Պայտըն. «Կազայի բռնագրաւումը սխալ պիտի ըլլայ». Շրջանին մէջ աշխուժ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններ

Պայտըն կարծիք յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը պէտք է ոչնչացուի, սակայն պէտք է նաեւ դէպի Պաղեստինեան պետութիւն ուղի ըլլայ: «Այդ ուղին, որ կը կոչուի «երկու պետութիւններու ստեղծումով լուծում», տասնամեակներ շարունակ եղած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը: Անիկա Իսրայէլի կողքին անկախ պետութիւն պիտի ստեղծէ 5 միլիոն պաղեստինցիներու համար, որոնք կ՛ապրին Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ», աւելցուց Պայտըն:

Ուաշինկթընի մէջ չեն բացառեր, որ ամերիկեան զօրքերը կրնան ներգրաւուիլ Կազայի մէջ գերի պահուող համաքաղաքացիները ազատելու համար: Այս մասին «Ֆոքս Նիուզ»-ին ըսած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութեան համակարգող Ճոն Քըրպի:

Ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթընի մէջ ոչ մէկ ծրագիր կամ մտադրութիւն կայ, եւ սեղանին վրայ են բոլոր հաւանական տարբերակները:

«Ես ոչինչ կը բացառեմ, երբ խօսքը պատանդ պահուող մեր քաղաքացիները տուն բերելու մասին է», ըսած է Քըրպի:

Ան նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը «կ՛աշխատի ամէն ժամ»` Կազայի մէջ պահուող ամերիկացի գերիներու հարցի վրայ:

«Ասիկա նախագահի բարձրագոյն առաջնահերթութիւնն է, եւ մենք կանգ պիտի չառնենք այնքան ժամանակ, մինչեւ կարողանանք զանոնք տուն բերել», աւելցուցած է Քըրպի:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտարարեց, որ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ քննարկած է Համասի յարձակումին հակադարձելու իսրայէլեան գործողութիւնները:

Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Կալանթին վստահեցուց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է զսպելու որեւէ պետութիւն կամ կողմ, որ կը փորձէ պատերազմը մագլցումի մղել:

ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց. «Իրանի զինեալ ուժերը պիտի չմասնակցին (Կազայի) կռիւին, պայմանով, որ իսրայէլեան վարչակարգը չհամարձակի յարձակիլ Իրանի, անոր շահերուն եւ քաղաքացիներուն վրայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան կիրակի օր Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ հանդիպումի ժամանակ ըսած էր, որ եթէ Իսրայէլը շարունակէ հարուածներ հասցնել Կազայի խաղաղ բնակչութեան, տագնապը կրնայ ընդլայնուիլ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Իսրայէլեան վարմունքի շարունակութիւնը շրջանը դէպի տագնապ պիտի տանի եւ անվտանգութեան կը սպառնայ»` կոչ ուղղելով «դադրեցնելու Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումները եւ պաղեստինցիներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի «60 Մինիթզ» յայտագիրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլի կողմէ Կազայի բռնագրաւման որեւէ քայլ «մեծ սխալ» պիտի ըլլայ` յոյս յայտնելով, որ Եգիպտոսի եւ Կազայի սահմանին գտնուող անցակէտը պիտի բացուի, որպէսզի ապահովէ մարդասիրական օգնութեան մուտքն ու օտարերկրեայ քաղաքացիներուն կարելիութիւն տրուի լքելու շրջանը, որովհետեւ իսրայէլեան զօրքերը կը շարունակեն պատրաստուիլ ցամաքային ներխուժման:

Պայտըն կարծիք յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը պէտք է ոչնչացուի, սակայն պէտք է նաեւ դէպի Պաղեստինեան պետութիւն ուղի ըլլայ:

«Այդ ուղին, որ կը կոչուի «երկու պետութիւններու ստեղծումով լուծում», տասնամեակներ շարունակ եղած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը: Անիկա Իսրայէլի կողքին անկախ պետութիւն պիտի ստեղծէ 5 միլիոն պաղեստինցիներու համար, որոնք կ՛ապրին Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ», աւելցուց Պայտըն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ան պիտի աջակցի՞ Կազայի բռնագրաւումին, Պայտըն ըսաւ. «Համասը ամբողջ պաղեստինցի ժողովուրդը չի ներկայացներ, ուստի կը կարծեմ, որ Իսրայէլի կողմէ Կազան կրկին բռնագրաւելը մեծ սխալ պիտի ըլլայ»:

Պայտըն, որ հաստատօրէն աջակցած է Իսրայէլի եւ, ըստ տեղեկութիւններու, կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն (ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին` ամենայն հաւանականութեամբ չորեքշաբթի օր) Իսրայէլ այցելելու, ըսաւ, որ Համաս շարժումի «բարբարոսութիւնը նոյնքան հետեւանքային է, որքան Ողջակիզումը: Կը կարծեմ` Իսրայէլ պէտք է պատասխանէ: Անոնք պէտք է երթան Համասի ետեւէն: Համասը վախկոտներու խումբ մըն է: Անոնք կը թաքնուին խաղաղ բնակիչներու ետին», ըսաւ ան:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, ներխուժելն ու «ծայրայեղականները դուրս հանելը» «անհրաժեշտ պահանջ է»:

Այն հարցումին, թէ արդեօք Համասը պէ՞տք է ամբողջութեամբ վերացուի, ան դրական պատասխան տուաւ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Գահիրէի մէջ պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին մերժեց պաղեստինցիները Կազայէն վտարելու գաղափարը եւ նշեց. «Անոնք պէտք է կարենան իրենց հայրենիքին մէջ մնալ, մինչ Իսրայէլ Համասի հետ կը կռուի: Սակայն կ՛ուզենք նաեւ վստահ ըլլալ, որ անոնք վտանգի ծիրէն դուրս են եւ իրենց կարիք ունեցած օժանդակութիւնը կը ստանան»:

Ապպաս Պլինքընի հետ իր հանդիպումի ընթացքին «բացարձակապէս մերժած» էր Կազայի բնակիչներու տեղահանութիւնը` զգուշացնելով «երկրորդ նաքպայէ (աղէտ, «Ա.») մը»:

Նշենք, որ Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար Տանի Այալոն Եգիպտոսին կոչ ուղղած էր գործակցելու եւ պաղեստինցիներուն համար Սինայի մէջ վրաններ լարելու` նշելով, որ այդտեղ «անվերջ տարածք գոյութիւն ունի»:

«Ուղղակի կերպով Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն եւ մօտաւորապէս շրջանի բոլոր մնացեալ ղեկավարներէն, որոնց հետ խօսեցայ, լսեցի, թէ այդ գաղափարը դատապարտուած է ձախողութեան, ուստի մենք ատոր չենք զօրակցիր», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս իր կարգին Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց. «Համասի քաղաքականութիւնն ու արարքները պաղեստինցի ժողովուրդը չեն ներկայացներ»: Ան աւելցուց, որ «պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական ու միակ ներկայացուցիչը» Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնն (ՊԱԿ) է:

Ան մերժեց երկու կողմերէն քաղաքայիններուն սպանութիւնը եւ կոչ ուղղեց երկու կողմերուն մօտ գտնուող քաղաքայիններն ու գերիները ազատ արձակելու:

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ քննարկած է Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներն ու Կազայի մէջ մարդասիրական կացութիւնը:

«Երկու նախարարները իրարու փոխանցեցին վերջերս շրջան անոնց կատարած այցելութիւններէն իրենց ստացած տպաւորութիւնները», նշեցին աղբիւրները` աւելցնելով. «Ամերիկեան կողմին խնդրանքով կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու նախարարները նաեւ քննարկեցին ՕԹԱՆ-ի ընդլայնումը»:

Աղբիւրները նաեւ հաղորդեցին, որ Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իր չին պաշտօնակից Ուանկ Եիի հետ քննարկած է «Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներն ու Կազայի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումները»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ կանգնած աղբիւրներ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան թղթակիցին յայտնած են, որ երէկ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Հաքան Ֆիտանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:

«Նախարար Ֆիտան իր ռուս պաշտօնակիցին հետ քննարկած է Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ տիրող կացութիւնը եւ Կազայի վրայ կատարուող իսրայէլեան յարձակումները», յայտնած է աղբիւրը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան իր կարգին իր չին պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փեքինին կոչ ուղղած է օգտագործելու իր կարելիութիւններն ու ներուժը` Իսրայէլի եւ Կազայի միջեւ պատերազմը դադրեցնելու համար:

Ան մատնանշած է Իսրայէլի կողմէ շարունակուող պատերազմը եւ զայն անուանած հրատապ խնդիր, որ պէտք է միջազգային ընտանիքը լուծէ: «Շրջանին մէջ կացութիւնը շատ զգայուն է, եւ այժմ անմիջական առաջնահերթութիւնը Կազայի մէջ կիներու, երեխաներու եւ խաղաղ բնակիչներու դէմ սիոնական վարչակարգի յարձակումներն ու յանցագործութիւնները դադրեցնելն է», ըսած է Իրանի նախարարը` աւելցնելով. «Կարելիութիւն կայ, որ կացութիւնը որեւէ պահու դուրս գայ վերահսկողութենէն»:

«Եթէ սիոնականներու յանցագործութիւնները չդադրին եւ Կազայի քաղաքացիներուն վրայ ներկայ յանցաւոր յարձակումները չդադրին, ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, որ ճգնաժամի տարողութիւնը պիտի չընդլայնուի», նախազգուշացուցած է ան:

Եի իր կարգին ըսած է, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ դիմակայելու համար որեւէ կողմի գործողութիւնները, որոնք վնաս կը հասցնեն խաղաղ բնակչութեան: «Պաղեստինեւիսրայէլեան կացութեան հիմնական պատճառը այն է, որ Պաղեստինի ժողովուրդի պետականութեան իրաւունքը երկար ժամանակ մերժուած է», ըսած է Վան Եին:

Ըստ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան, չինական դիւանագիտութեան պետը ըսած է. «Միջազգային ընտանիքը պէտք է ընդդիմանայ խաղաղ բնակչութեան վրայ կատարուած յարձակումներուն, եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է ստանձնէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ կատարէ իր ներյատուկ դերը»: Ան «անընդունելի նկատած է Կազայի բնակիչներու հաւաքական պատիժը եւ ընդգծած մարդասիրական օգնութեան միջանցքի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են հաւանական քայլերը, որոնք երկիրները կրնան ձեռնարկել Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ուժերու միջեւ մարտերը դադրեցնելու համար:

Էրտողանի գրասենեակը «Էքս» հարթակին վրայ հրապարակուած գրառման մէջ ըսած է, որ Թուրքիան կ՛աշխատի Կազա մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու ուղղութեամբ եւ կրկնած իր կոչը` զերծ մնալու քայլերէ, որոնք կրնան կացութիւնը մագլցումի տանիլ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահի գրասենեակը յայտնած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ հեռաձայնով քննարկած են Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու ուղիները եւ ընդգծած մարդասիրական օգնութեան անյապաղ առաքման անհրաժեշտութիւնը:

Գրասենեակը նաեւ աւելցուցած է, որ երկու նախագահները «նշած են Կազայի` իսրայէլեան հրթիռակոծման եւ անոր բնակչութեան տեղահանման դադրեցման անհրաժեշտութիւնը»:

«Տը Կարտիըն» հաղորդեց, որ իսրայէլացի զինուորականները յայտարարած են, թէ Համաս Կազայի մէջ կը պահէ 199 գերիներ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց, որ Համաս կրնայ ազատ արձակել 199 պատանդ, եթէ Իսրայէլ դադրեցնէ Կազայի վրայ կատարուող օդային հարուածները:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2023, 09:22