Որոնել

Կրանատայի Եւրոպական վեհաժողովի մասնակցիները Կրանատայի Եւրոպական վեհաժողովի մասնակցիները  (ANSA)

Այսօր Կրանատայի Եւրոպական վեհաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի Արցախի, գաղթի եւ Եւրոպական միութեան ընդլայնման հարցերը

6 հոկտեմբերին Եւրոպական Միութեան պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները պիտի գումարեն Եւրոպական Միութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողով, որուն մէջ անոնք մտադիր են քննարկել համայնքի 2024-2029 թուականներու ռազմավարական օրակարգը, ինչպէս նաեւ քննարկել միութեան հետագայ ընդլայնումը, ատոր հաւանական հետեւանքները, եւ ամէնէն կարեւորը, ատոր համար անհրաժեշտ Եւրոպական Միութեան վերափոխումները:

Եւրոպական քաղաքական համայնքի 3-րդ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ այսօր Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ: Սպանիան մինչեւ տարեվերջ կը նախագահէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին: Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներու, 20 գործընկեր եւ թեկնածու երկիրներու ղեկավարները, ներառեալ Ուքրանիան, Թուրքիան, Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Մոլտովան, Պալքանները եւ Քոսովոն պիտի հաւաքուին` քննարկելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Եւրոպան դարձնել աւելի ճկուն, բարգաւաճ եւ աշխարհառազմավարական: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդը:

6 հոկտեմբերին Եւրոպական Միութեան պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները պիտի գումարեն Եւրոպական Միութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողով, որուն մէջ անոնք մտադիր են քննարկել համայնքի 2024-2029 թուականներու ռազմավարական օրակարգը, ինչպէս նաեւ քննարկել միութեան հետագայ ընդլայնումը, ատոր հաւանական հետեւանքները, եւ ամէնէն կարեւորը, ատոր համար անհրաժեշտ Եւրոպական Միութեան վերափոխումները:

Ըստ Եւրոպական Միութեան կառոյցներու աղբիւրներուն, վերջին 19 ամիսներու ընթացքին առաջին անգամ Ուքրանիան պիտի չըլլայ եւրոպական վեհաժողովներու գլխաւոր նիւթը: Բացի միութեան ընդլայնման հարցերէն, անոնք պիտի կեդրոնանան Եւրոպական Միութեան նոր գաղթականական ճգնաժամի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քննարկման վրայ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2023, 08:20