Որոնել

հրթիռակոծման ենթարկուած է «Մկրտչական-ահլիյէ» հիւանդանոցը հրթիռակոծման ենթարկուած է «Մկրտչական-ահլիյէ» հիւանդանոցը  (ANSA)

Սարսափելի ոճիր Կազայի մէջ. Կան հարիւրաւոր զոհեր

Ծանր հրթիռակոծման ենթարկուած է «Մկրտչական-ահլիյէ» հիւանդանոցը, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են հարիւրաւոր պաղեստինցիներ։

Պաղեստինեան Կազզա շրջանին մէջ սարսափելի սպանդ մը գործուած է։

Ծանր հրթիռակոծման ենթարկուած է «Մկրտչական-ահլիյէ» հիւանդանոցը, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են հարիւրաւոր  պաղեստինցիներ։

Կը նշուի, որ հիւանդանոցի տնօրէնութիւնը աւելի վաղ   սպառնալիքներ ստացած էր, որմէ ետք ալ կապուած էր հիւանդանոցի տնօրինումը ստանձնած եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հաստատուած կառոյցներու։

Դէպքը քաոս ստեղծած է շրջանին մէջ եւ տարածուած են տասնեակ տեսանիւթեր, որ կը վաւերագրեն եղած արհաւիրքին մեծ տարողութիւնը։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ զոհերու թիւը, որ այս պահուն կը գնահատուի 500 -ով կրնայ բարձրանալ եւ հասնիլ 1000-ի։

հրթիռակոծուած «Մկրտչական» հիւանդանոցի հողատարածքը կը պատկանի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ այն վարձակալուած է 99 տարուան համար։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2023, 09:08