Որոնել

Nagorno-Karabakh's former capital city becomes a ghost town after Azerbaijani operation

«Լեմքինին» Հիմնարկը հիասթափած է 1 Հոկտեմբերին ՄԱԿի առաքելութեան Արցախ այցելութենէն

Ուսումնասիրելով առաքելութեան գործողութիւնը եւ յայտարարութիւնը՝ հիմնարկը գտած է նաեւ այլ վիճելի կէտեր:

«Լեմքին» Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը հաղորդագռութեան մը միջոցաւ յայտնեց, թէ հիսաթափած է արդիւնքներէն 1 Հոկտեմբերին ՄԱԿի առաքելութեան Արցախ այցելութեան, որ կատարուեցաւ ատրպէյճանական վերջին ներխուժումէն ետք Արցախի ամբողջ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման պատճառով:

«Դժուար է հասկնալ, թէ ի՛նչ էր նման առաքելութեան նպատակը», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդակցութեան մէջ:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿին՝ նախապատրաստելու համապատասխան առաքելութիւն դէպի Արցախի Հանրապետութիւն, որ պիտի ներառէ միջազգային խումբի անդամներ՝ հակամարտութեան հանդէպ չէզոք երկիրներէն, տեղւոյն վրայ ընթացիկ իրավիճակի մանրակրկիտ վերլուծութիւն իրականացնելու համար: Արցախի մէջ հայերու իրաւունքները ապահովելու համար ՄԱԿը պէտք է գործէ արհեստավարժ եւ անաչառ՝ պահպանելով հաւատարմութիւնը ՄԱԿի կանոնադրութեան մէջ ներկայացուած արժէքներուն», կը շեշտուի հիմնարկը:

Ըստ ՄԱԿի՝ «առաքելութիւնը նպատակ ունէր գնահատել իրավիճակը տեղւոյն վրայ եւ բացայայտել ինչպէս մնացած մարդոց, այնպէս ալ շարժման մէջ գտնուողներուն մարդասիրական կարիքները»: 

Հակառակ առաքելութեան այս այցելութեան բարդ նպատակին, գնահատումը ինքնին եւ այդ գնահատման արդիւնքներուն մասին յայտարարութիւնը աւարտեցան մէկ օրուան ընթացքին՝ նկատել տուաւ «Լեմքին» հիմնարկը, հարց տալով, թէ որքանով կրնայ ՄԱԿի առաքելութիւնը լրջօրէն վերաբերիլ տեղւոյն վրայ գնահատման առաջադրանքին:

 Ուսումնասիրելով առաքելութեան գործողութիւնը եւ յայտարարութիւնը՝ հիմնարկը գտած է նաեւ այլ վիճելի կէտեր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2023, 09:00