Որոնել

Եւրոպական երկիրներու դրօշակներ Եւրոպական երկիրներու դրօշակներ 

Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբ. «Ազրպէյճան պէտք է ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու իրենց տուներուն մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը»

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ մտահոգութեամբ հետեւիլ 19 եւ 20 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւններուն եւ Լաչինի միջանցքի իննամսեայ շրջափակման հետեւանքով Ղարաբաղի հայերու զանգուածային արտագաղթէն ետք ստեղծուած ծայրայեղ ծանր կացութեան:

Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբը 18 հոկտեմբերի նիստի ընթացքին անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի կացութեան եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի վերաբերեալ յայտարարութիւն որդեգրած: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնեն Եւրոպական Միութեան արտաքին ծառայութեան մամլոյ բաժինէն:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ մտահոգութեամբ հետեւիլ 19 եւ 20 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւններուն եւ Լաչինի միջանցքի իննամսեայ շրջափակման հետեւանքով Ղարաբաղի հայերու զանգուածային արտագաղթէն ետք ստեղծուած ծայրայեղ ծանր կացութեան:

«Լեռնային Ղարաբաղի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը` աւելի քան 100 հազար 600 մարդ, ապաստան գտած է Հայաստանի մէջ: Հրամայական է ապահովել շարունակական անխոչընդոտ մարդասիրական աջակցութիւնը անոնց, որոնք տակաւին կարիքի մէջ են Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք հեռացած են:

«Անցեալ շաբաթ Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարեց 10,45 միլիոն եւրոյի չափով մարդասիրական օգնութեան լրացուցիչ թղթածրարի մասին` ի յաւելումն 2020 թուականէն ի վեր արդէն տրամադրուած 20,8 միլիոն եւրոյին: Ազրպէյճանը պէտք է ապահովէ Ղարաբաղի հայերու մարդու իրաւունքները, հիմնարար ազատութիւնները եւ անվտանգութիւնը, ներառեալ իրենց տուներուն մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը` առանց ահաբեկման կամ խտրականութեան, ինչպէս նաեւ պայմաններ ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղ գաղթականներու եւ տեղահանուածներու կամաւոր, անվտանգ, արժանապատիւ եւ կայուն վերադարձին համար` յարգելով անոնց պատմութիւնը, մշակոյթն ու մարդու իրաւունքները: Բացի ատկէ, պէտք է արդիւնաւէտ պաշտպանուին եւ երաշխաւորուին տեղական բնակչութեան մշակութային ժառանգութիւնն ու սեփականութեան իրաւունքները:

«Այս առնչութեամբ կը յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանը պէտք է կատարէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ 22 սեպտեմբերին նշուած միջանկեալ քայլերը, այսինքն` ձեռնպահ մնայ ձեռնարկելէ այնպիսի քայլեր, որոնք կրնան յանգեցնել Հռչակագիրով նախատեսուած իրենց պարտաւորութիւններու, մասնաւորաբար` 2-րդ յօդուածի (կեանքի իրաւունք) եւ 3-րդ յօդուածի (խոշտանգումներու եւ անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատիժի արգիլում) խախտումներու:

«Մենք ի գիտութիւն ընդունեցինք նախագահ Ալիեւի հրապարակային արտայայտութիւնները Ղարաբաղի հայերուն հետ խաղաղ ապրելու եւ անոնց իրաւունքները պահպանելու պատրաստակամութեան մասին: Ազրպէյճանը ունի յստակ առաջնային պատասխանատուութիւն բնակչութեան ճակատագիրին համար: Պէտք է տրամադրուին շօշափելի, որոշակի եւ թափանցիկ երաշխիքներ: Իբրեւ վստահութեան ամրապնդման կարեւոր միջոց` մենք կ՛ակնկալենք համապարփակ համաներում Ղարաբաղի բոլոր հայերուն, ներառեալ անոնց ներկայացուցիչներուն համար, եւ բոլոր կողմերու զսպուածութիւնը կարծր հռետորաբանութիւն օգտագործելու առումով: Միջազգային առաքելութիւններու մուտքը Ղարաբաղ շատ կարեւոր է, երբ խօսքը կը վերաբերի շատ անհրաժեշտ օգնութեան տրամադրման եւ այդտեղ կացութեան անկախ հսկողութեան ապահովման:

«Եւրոպական Միութիւնը ի գիտութիւն ընդունած է ՄԱԿ-ի վերջին երկու այցելութիւնները: Մենք բարձր կը գնահատենք ընդհանուր քարտուղարի Գաղթի եւ գաղթականներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչի աշխատանքը, որ կը ցուցաբերէ աջակցութիւն եւ օգնութիւն Հայաստանի իշխանութիւններուն` դէպի իր տարածք այս զանգուածային արտագաղթը կարգաւորելու հարցին մէջ: Անհամբեր կը սպասենք Եւրոպական խորհուրդի փաստահաւաք առաքելութեան` մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միայթովիչի գլխաւորութեամբ, եւ անոր հետագայ առաջարկներուն:

«Եւրոպական Միութիւնը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի գերիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք վերահաստատելու իր աներկբայ հաւատարմութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ` համաձայն 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրի:

«Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ երկու կողմերուն միջեւ երկխօսութեան խթանման` համապարփակ եւ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար` ի շահ շրջանի ամբողջ բնակչութեան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ, որ ստորագրած են Ալպանիան, Անտորան, Պոսնիան, Իսլանտան, Լիշթընթայնը, Մոնաքոն, Մոնթենեկրոն, Հիւսիսային Մակեդոնիան, Նորվեկիան եւ Սան Մարինոն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2023, 08:55