Որոնել

Կազայի մէջ յարձակում Կազայի մէջ յարձակում 

Իսրայէլեան բանակը Կազայի դէմ ցամաքային գործողութիւնը յետաձգած է եւ կը սպասէ «Քաղաքական որոշումին»

Իսրայէլեան բանակը իր ուժերէն տասնեակ հազարաւորներ կուտակած է Կազայի հետ սահմանին մօտ, եւ զինուորական պաշտօնատարներ կը հաղորդեն, որ ցամաքային գործողութեան մը շղթայազերծման համար բոլոր պատրաստութիւնները ամբողջացած են:

Իսրայէլեան բանակի բանբերներ Ռիչըրտ Հիշթ եւ Տանիէլ Հակարի երկու անջատ մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին յայտարարեց, որ բանակը Կազայի դէմ սպասուող ցամաքային յարձակումի շղթայազերծման համար «քաղաքական որոշումին» կը սպասէ:

Հիշթ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Մեր քաղաքական ղեկավարութեան հետ քննարկումներ կը կատարենք»:

Իսրայէլեան բանակը իր ուժերէն տասնեակ հազարաւորներ կուտակած է Կազայի հետ սահմանին մօտ, եւ զինուորական պաշտօնատարներ կը հաղորդեն, որ ցամաքային գործողութեան մը շղթայազերծման համար բոլոր պատրաստութիւնները ամբողջացած են:

Իսրայէլեան բանակէն անանուն, սակայն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են, որ բանակը եղանակային պայմաններու պատճառով յետաձգած է Կազայի դէմ իր ցամաքային գործողութեան մեկնարկը:

Ներխուժումը սկիզբէն ծրագրուած էր անցնող շաբաթավերջին, կը գրէ ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը, եւ յետաձգումը կը կապէ ամպոտութեան հետ, որ «դժուար պիտի դարձնէր իսրայէլացի օդաչուներու եւ անօդաչու թռչող սարքերը կառավարողներու համար ցամաքային ուժերու օդային պաշտպանութիւնը ապահովելը»:

Այդուհանդերձ, իսրայէլացի զինուորները կը շարունակեն պատրաստուիլ «մօտ օրէն» մտնելու Կազա` բացի հետեւակներէն օգտագործելով հրասայլեր, հրետանի, օդուժ, սակրաւորներ եւ մասնայատուկ ուժեր: Նպատակն է «գրաւել Կազա քաղաքը եւ ոչնչացնել շրջանի ներկայ ղեկավարութիւնը»:

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ցահի Հանեկպի յայտնեց. «Ներկայ գործողութեան նպատակը Համասին վերջ տալէն մեծ է: Մեր նպատակներուն շարքին է տարբեր ճակատներու վրայ պատերազմ մղել»:

«Ես սխալեցայ գնահատումիս մէջ, երբ ըսի, թէ Համաս տարիներով պիտի յանդգնի մեր դէմ գործելու», ըսաւ ան:

Սակայն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երէկ յայտարարեց. «Իսրայէլ իր հիւսիսային ճակատին վրայ Լիբանանի դէմ պատերազմ մղելու շահ չունի»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան երէկ յայտարարեց. «Իսրայէլին անոր աջակցողներուն ճամբով փոխանցուեցաւ, որ եթէ Կազայի մէջ անոր ոճիրները չդադրին, ապա վաղը շատ ուշ պիտի ըլլայ»:

«Եթէ Կազայի դէմ յարձակումի դադրեցումը չյաջողի, ապա պատերազմի ճակատներու ընդլայնումը բացառուած չէ, եւ ատոր հաւանականութիւնը ժամ առ ժամ կ՛աւելնայ», նշեց Ապտոլլահեան:

«Կը յուսանք, որ քաղաքական ջանքերը կ՛արգիլեն պատերազմի ընդլայնումը, ապա թէ ոչ, ոչ ոք գիտէ, թէ յառաջիկայ ժամերուն ի՛նչ պիտի պատահի, եւ Իրան չի կրնար այս կացութեան մէջ դիտողի վիճակին մէջ մնալ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ Ամերիկան եւ Իսրայէլը այս քաղաքականութիւնը չդադրեցնեն, ապա կարելի չէ պատերազմի ընդլայնումը արգիլել, եւ նշեցի, որ եթէ պատերազմը ընդլայնուի, ապա նաեւ Ամերիկան ծանր կորուստներ պիտի կրէ»:

Ապտոլլահեան նշեց, որ Հըզպալլան ճշդած է կարմիր գիծերու բոլոր փուլերը, եւ իւրաքանչիւր փուլի պատշաճ քայլերը պիտի որդեգրէ:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի իր ֆրանսացի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Կազայի բնակիչներուն սպանութիւնը չդադրի, կացութիւնը պիտի բարդանայ եւ պատերազմը պիտի ընդլայնի:

«Աքսիոս», յղում կատարելով երկու աղբիւրներու, շաբաթ օր հաղորդած էր, որ Իրան ՄԱԿ-ի ճամբով պատգամ յղած է Իսրայէլի, թէ պիտի ստիպուի միջամտել, եթէ Կազայի դէմ յարձակումը շարունակուի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտնեց. «Կարելի չէ բացառել, որ Իրան ձեւով մը ուղղակի կերպով (պատերազմին) մասնակից դառնալը ընտրէ, եւ տեղեկութիւններ չունինք, թէ այս գետնի վրայ վտանգը տարբեր է, եւ տագնապի մագլցումի վտանգ գոյութիւն ունի»:

«Մտահոգ ենք այլոց վստահուած ուժերով, լիբանանեան Հըզպալլայով եւ Իրանով», յայտնեց ան «Սի.Պի.Էս»-ին` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը իր կարելին կ՛ընէ ապահովելու համար, որ տագնապը մագլցում չարձանագրէ` եւ զայն Կազայով սահմանափակելու համար»:

«Կը կեդրոնանանք մարդիկը Կազայէն ապահով կերպով անվտանգ շրջաններ եւ ոչ թէ անոր հիւսիսը կամ հարաւը դուրս բերելուն վրայ: Կը նախատեսենք աշխուժ աշխատանք Քոնկրեսին հետ Ուքրանիոյ յաւելեալ ֆինանսաւորման փոխանցման եւ Իսրայէլի շարունակական աջակցութեան հարցով», նշեց ան:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալման իշխանը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է աշխատանք տանիլ դադրեցնելու Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնները, որոնց զոհ գացին անմեղներ»:

Պըն Սալման իշխանը շեշտեց, որ պէտք է յարգել միջազգային մարդասիրական օրէնքը, ներառեալ Կազայի պաշարման վերացումը` ընդգծելով. «Սէուտական Արաբիան կը մերժէ քաղաքայիններու թիրախաւորումը կամ ենթակառոյցներու խափանումը»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Չինաստանին կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի մէջ իր ազդեցութիւնը օգտագործելու` կանխարգիլելու համար, որ այլ պետութեան մը ոչ պետական դերակատարներ պատերազմի տարողութիւնը ընդլայնեն:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտնեց. «Բոլորը պէտք է ետ կանգնին արարքներէ, որոնք կրնան կացութեան մագլցումի յանգեցնել»` կոչ ուղղելով բանակցութիւններու սկսելու: Ան նաեւ նշեց, որ այն, ինչ Իսրայէլ կ՛ընէ, «ինքնապաշտպանութեան սահմանէն անդին կ՛անցնի», եւ անոր ղեկավարութիւնը պէտք է դադրեցնէ «Կազայի բնակչութեան հաւաքական պատիժը»:

Մինչ այդ, Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցով մեկնաբանելով պատերազմը յայտարարեց. «Ամբողջ ժողովուրդը պատասխանատու է, եւ ճիշդ չէ ըսել, թէ Կազա գտնուող քաղաքայինները մեղսակից չեն»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2023, 09:30