«Մենք անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնենք Հայաստանի անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանային անխախտելիութեան» կ՝ըսէ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Պրիւքսելի մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիս ունեցած է:
Ռոպերթա Մեցոլա նշեց, որ իրենք անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնեն Հայաստանի անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանային անխախտելիութեան:
«Մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք ազնիւ եւ արդար խաղաղութեան բանակցութիւններու վրայ, կոչ կ՛ուղղենք յարգելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:
Միջազգային ընտանիքի գործօն մասնակցութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն համար միջազգային երաշխիքները կրնան օգնել խաղաղութեան եւ հաշտեցման: Մենք հաւատարիմ կը մնանք բոլոր այն ջանքերուն, որոնց նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը` հիմ ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի անկախութեան, սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը», ըսաւ Մեցոլա:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ