Արցախի Հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է պաշտպանուի. Ֆրասախօսութեան ընդհանուր քարտուղար
Չորեքշաբթի օր Հայաստան այցելող ֆրանսախօս երկիրներու միութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիւապօ յայտնեց, թէ ինք Երեւան կը գտնուի կազմակերպութեան զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին։ Ան հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ, որմէ ետք ընդգծեց, որ միշտ յայտարարած է 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան խստիւ կատարման անհրաժեշտութեան մասին։
Ան բարձրօրէն գնահատեց Արցախէն գաղթականները ընդունելու՝ Հայաստանի քայլը եւ շեշտեց Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։
Ան յատուկ զօրակցութիւն յայտնեց հայ գերիներուն, ձերբակալուածներուն եւ անյայտ կորսուածներու ընտանիքներուն։
Իր կարգին, Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց 19 Սեպտեմբերի յարձակումին նկատմամբ կազմակերպութեան արձագանգին համար։ «Այդ արձագանգը կարեւոր է ոչ միայն տեղի ունեցածին՝ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային զտմանը եւ դրա նախապատրաստման քաղաքականութեանը յստակ գնահատականներ տալու, նման մտածելակերպն առհասարակ դատապարտելու եւ մերժելու համար, այլ նաեւ հայրենազրկման ենթարկուած մարդկանց հետագայ իրաւունքները պաշտպանելու համար: Ադրբեջանի իրականացրած էթնիկ զտման հետեւանքով՝ Լեռնային Ղարաբաղն ամբողջութեամբ հայաթափուեց՝ հերթական անգամ ի ցոյց դնելով նման իրավիճակների կանխարգելման հարցում միջազգային համակարգի մեծ բացերը: Միաժամանակ, դա ի ցոյց դրեց տարածաշրջանում ուժի կիրառման գործելակերպի ուղղակի կամ անուղղակի խրախուսման վտանգաւորութիւնն ու դրա զսպման հրամայականը: Յաւելեմ, որ մեր այսօրուայ քննարկումներում անդրադարձել ենք նաեւ Բաքւում ապօրինի կերպով պահուող հայ ռազմագերիների եւ պատանդառուած քաղաքացիական անձանց անյապաղ վերադարձի, ինչպէս նաեւ Ադրբեջանի հսկողութեան տակ անցած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարիւրաւոր հայկական եկեղեցիների, ամրոցների պաշտպանութեան ապահովման ուղղութեամբ մեր միջազգային գործընկերների կողմից հետեւողական ջանքերի անհրաժեշտութեանը», ըսաւ Միրզոյեան:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ