Որոնել

Արցախ կարմի խաչ Արցախ կարմի խաչ 

Կարմիր խաչը Արցախի մէջ գտաւ առաւել քան 100 քաղաքացիներ եւ զանոնք տեղափոխեց Հայաստան

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) 29 Սեպտեմբերէն 16 Հոկտեմբեր, Արցախի մէջ գտաւ առաւել քան 100 քաղաքացիներ եւ զանոնք տեղափոխեց Հայաստան:

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) 29 Սեպտեմբերէն 16 Հոկտեմբեր, Արցախի մէջ գտաւ առաւել քան 100 քաղաքացիներ եւ զանոնք տեղափոխեց Հայաստան: ԿԽՄԿի Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի «Ազատութեան» յայտնեց, որ Արցախի մէջ կը շարունակուի քաղաքացիներու որոնումը:

Ան ճիշդ տեղեկութիւն չունի այն մասին, որ քանի՛ հարազատներ դիմած են իրենց՝ անյայտ կորսուած իրենց պարագաները գտնելու համար:  «Կարծում եմ՝ մօտակայ օրերին կը կարողանանք աւելի յստակ տուեալներ տրամադրել: Խօսքը մի շարք քաղաքացիների մասին է, որոնց հարազատները չեն կարողանում գտնել նաեւ բենզինի պահեստի պայթիւնի հետեւանքով եւ ոչ միայն: Այս պահին կարող եմ ասել, որ ցաւօք, փնտռուող աձնանց թիւը փոքր չէ», աւելցուց Ամատունի:

Ըստ անոր՝ ԿԽՄԿի ներկայացուցիչները նաեւ ուտելիք, ջուր եւ մաքրութեան պարագաներ կը տրամադրէ Արցախի մէջ զանազան պատճառներով մնացած փոքր թիւով անձերուն: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն չյստակացուց, թէ քանի՛ անձեր կան: 

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2023, 09:03