Որոնել

Caldo: genovesi al mare per cercare refrigerio dal grande caldo

«Տաքի ալիքները երկարատեւ ու ուժգին պիտի ըլլան եւ աւելի կանուխ պիտի սկսին» կ՛ըսէ ՄԱԿ-էն փորձագէտ մը

Ան կոչ ուղղեց տաքի ջերմաստիճանի բարձրացման դիմակայման առնչութեամբ աւելի «իմաստուն» վարուելու:

ՄԱԿ-էն փորձագէտ մը զգուշացուց, որ ներկայիս Եւրոպայի շրջաններուն մեծամասնութիւնը հարուածողին նման եղող տաքի ալիքները կլիմայի փոփոխութեան պատճառով աւելի կանուխ պիտի սկսին, աւելի երկարատեւ եւ աւելի ուժգին պիտի ըլլան: Ան մասնաւորաբար զգուշացուց գիշերուան ընթացքին ջերմաստիճանի բարձրացումէն:

Օդերեւութաբանութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ խիստ տաքի հարցով աւագ խորհրդական Ճոն Նիռն ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «մարդիկ շատ հանդարտ են»` աւելցնելով. «Գիտութիւնը ձեզ զգուշացուց, որ այս բաները պիտի պատահին եւ այսչափով կանգ պիտի չառնեն»:

Ան կոչ ուղղեց տաքի ջերմաստիճանի բարձրացման դիմակայման առնչութեամբ աւելի «իմաստուն» վարուելու:

Ան մասնաւորաբար յանձնարարեց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այն իրողութեան վրայ, որ գիշերուան ընթացքին արձանագրուող նուազագոյն ջերմաստիճանները կը շարունակեն բարձրանալ, մինչ լրատուամիջոցները կը կեդրոնանան ցերեկուան ընթացքին արձանագրուող տաքի մրցանշային ջերմաստիճաններուն վրայ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2023, 07:51