Որոնել

Israeli forces stationed along the border with Gaza

Սպիտակ Տուն. «Իսրայէլ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ Կազայի անմեղ քաղաքացիներու պաշտպանութեան համար»

«Իսրայէլի կառավարութիւնը պէտք է ձեռնարկէ բոլոր հաւանական քայլերուն` իր շարունակական գործողութիւններու ընթացքին ահաբեկիչները խաղաղ բնակիչներէն տարբերելու համար»

Իսրայէլ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ Կազայի անմեղ քաղաքացիներու պաշտպանութեան համար, նոյնիսկ եթէ Համասը զանոնք իբրեւ կենդանի վահան կ՛օգտագործէ: «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ այս մասին ըսած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն:

«Իսրայէլի կառավարութիւնը պէտք է ձեռնարկէ բոլոր հաւանական քայլերուն` իր շարունակական գործողութիւններու ընթացքին ահաբեկիչները խաղաղ բնակիչներէն տարբերելու համար», ըսած է ան:

«Համաս չափազանց կը դժուարացնէ Իսրայէլի համար կեանքը` խաղաղ բնակիչները իբրեւ կենդանի վահան օգտագործելով եւ իր հրթիռային ու ահաբեկչական ենթակառոյցը տեղադրելով խաղաղ բնակչութեան մէջ», ըսած է Սալիվըն:

«Ասիկա լրացուցիչ բեռ կը դնէ Իսրայէլի վրայ, սակայն չի նուազեցներ Իսրայէլի պատասխանատուութիւնը միջազգային մարդասիրական օրէնքին համաձայն` տարբերակելու ահաբեկիչները խաղաղ բնակիչներէն եւ պաշտպանելու անմեղ կեանքերը: Եւ ասիկա Կազայի բնակիչներուն ճնշող մեծամասնութիւնն է», ընդգծեց ան:

Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ արդէն փակ դռներու ետին բանակցութիւններ կը վարեն խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու համար:

Մինչ այդ, Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց. «Մեր ուժերը կը շարունակեն ընդլայնել Կազայի մէջ իրենց ցամաքային գործողութիւններու ծիրը եւ կրցան տասնեակներով զինեալներ վնասազերծել»: «Սի.Էն.Էն.»-ի համաձայն, իսրայէլեան զօրքերը Կազայի մէջ խորացած են աւելի քան 3 քիլոմեթր:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով ականատեսներու, հաղորդեց, որ իսրայէլեան հրասայլեր մուտք գործած են Կազա քաղաքի ծայրամասը գտնուող թաղ մը, եւ Կազայի հիւսիսին եւ հարաւին միջեւ ճամբան փակած: ԱՖՓ նշեց, որ հրասայլերը Կազայի Զէյթուն թաղամասի մերձակայքը հասած են:

Նշենք, որ Իսրայէլ շաբաթավերջին յայտարարած էր, որ մուտք գործած է Համասի դէմ պատերազմի «երրորդ փուլ»: Երկիրը պատրաստ է «երկար եւ դժուար պատերազմի», շաբաթ օր ըսած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու:

Եգիպտոսի նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին վստահեցուցած է, որ Եգիպտոս պաղեստինցիներուն Կազայէն եգիպտական հողեր տեղահանութիւնը պիտի չարտօնէ»:

Նշենք, որ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնաւորուած 45 բեռնակառքեր Ռաֆահի անցքին ճամբով մուտք գործած են Կազա:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ քննարկած է շրջանի ղեկավարներուն հետ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը` կանխարգիլելու տագնապներու շրջանին մէջ տարածումը, պատանդները ազատելու եւ Կազային օգնութիւն տրամադրելու համար:

«Արտաքին գործոց նախարարը կրկնեց Պայտընի յայտարարութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ 100 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրեն Պաղեստինի ժողովուրդին Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ: Կողմերը քննարկած են նաեւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան յառաջընթացը», աւելցուցած է Միլլըր:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2023, 08:52