Որոնել

Պրիւքսելի մէջ  ցուցարարներ Պրիւքսելի մէջ ցուցարարներ  (AFP or licensors)

Տասը հազարէ աւելի ցուցարարներ մասնակցեցան Պրիւքսելի մէջ զօրակցութիւն Արցախի կատարուած Համաեւրոպական հանրահաւաքին

Հանրահաւաքի մասնակիցներու ձեռքերուն գտնուող պաստառներուն հիմնական մասը իրենց գրութիւններով կը մեղադրէին Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը` Ալիեւի վարչակարգը անպատժելի ձգելու համար, կային նաեւ «Ալիեւ, մարդասպան» գրութեամբ պաստառներ:

Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն եւ Նետերլանտներէն հասած տասը հազարէ աւելի մարդ երէկ մասնակցեցաւ Պրիւքսելի մէջ Ռոպերթ Շումանի անուան հրապարակին վրայ ի զօրակցութիւն Արցախի կատարուած համաեւրոպական հանրահաւաքին: «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն, «Եւրոպացիները յանուն Արցախ»-ի նախաձեռնութեան կազմակերպած հանրահաւաքը սկսած է Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգերով:

Հանրահաւաքի մասնակիցներու ձեռքերուն գտնուող պաստառներուն հիմնական մասը իրենց գրութիւններով կը մեղադրէին Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը` Ալիեւի վարչակարգը անպատժելի ձգելու համար, կային նաեւ «Ալիեւ, մարդասպան» գրութեամբ պաստառներ: Հանրահաւաքին մասնակցելու համար Ֆրանսայէն եկած էին բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներ, երեսփոխաններ, շրջաններու ղեկավարներ եւ քաղաքապետներ:

Պելճիքայի Հայ կոմիտէի վեհաժողովի նախագահ Կարէն Թադեւոսեան նշեց. «Այսօր այստեղ հաւաքուածներէդ իւրաքանչիւրը կը կրէ պատասխանատուութիւն բոլոր այն մարդոց առջեւ, որոնք կ՛աշխատին, որպէսզի Արցախի 120 հազար հայերուն ճակատագիրը չմատնուի անտէրութեան: Մենք արդէն կուշտ ենք  յայտարարութիւններէն, եւ եկած է ժամանակը, որպէսզի Եւրոպան գործէ եւ անդրադառնայ հարցին առ այն, որ մենք` իբրեւ Եւրոպայի քաղաքացիներ, ունինք հաւասար իրաւունքներ պահանջելու այն ամէնը, ինչ որ իւրաքանչիւր եւրոպացին կը պահանջէ: Այսօր միակ բանը, որ մենք կրնանք ընել, բռունցք ըլլալն է, որպէսզի կարենանք մէկ բռունցք եղած պայքարիլ այն բոլոր անարդարութիւններուն դէմ, որոնք, ցաւօք, կը թելադրեն աշխարհաքաղաքական խաղերը»:

Հաւաքուածները խորհրդանշական երդում տուին` պայքարելու յանուն Հայաստանի եւ Արցախի. «Պիտի չզիջինք եւ պիտի չհաշտուինք: Հայաստանի եւ Արցախի հայութիւնը կրնայ ապաւինիլ մեզի»:

Աղբիւրը ՝Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2023, 08:40