Պայտըն բազմակողմանի հեռախօսային զրոյցներ ունեցած է Պաղեստինի եւ Իսրայէլի առաջնորդներուն հետ
Ապասն Պայտընի հետ հեռախօսազրոյցին ըսած է Կազայի հատուածէն պաղեստինցիներու տեղաշարժի «լիակատար մերժման» մասին։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը շաբաթ օր առանձին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի եւ Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ՝ քննարկելով պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը:
Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը:
Նաթանիահուն Միացեալ Նահանգներու առաջնորդին յայտարարած Է Իսրայէլի նպատակներուն հասնելու համար «միասնութեան եւ վճռականութեան» անհրաժեշտութեան մասին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Պայտընին աջակցութեան համար:
Ապասն իր հերթին Պայտընի հետ հեռախօսազրոյցին ըսած է Կազայի հատուածէն պաղեստինցիներու տեղաշարժի «լիակատար մերժման» մասին։
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
16/10/2023, 09:15