Որոնել

Ստեփանակերտը Ստեփանակերտը   (ANSA)

ԵՈՒՆԵՍՔՕի փաստահաւաք առաքելութեան Արցախ մուտքը Պաքուի կողմէ չէ արտօնուած

Փաստահաւաք առաքելութիւնը Հայաստան գործուղուած է Արցախէն բռնի տեղահանուածներու կրթութեան ոլորտին մէջ կարիքներու գնահատման նպատակով:

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեան ընդունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕի փաստահաւաք առաքելութիւնը, զոր կը գլխաւորէ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կրթութեան եւ նորարարութեան տնօրէնութեան ղեկավար, «Կրթութիւն 2030» ստորաբաժանումի տնօրէնի պաշտօնակատար Սոպհի Տաւիլ:

Փաստահաւաք առաքելութիւնը Հայաստան գործուղուած է Արցախէն բռնի տեղահանուածներու կրթութեան ոլորտին մէջ կարիքներու գնահատման նպատակով:

Կարեւոր նկատելով առաքելութեան Հայաստան գործուղումը՝ Մարտիրոսեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ շուրջ 9 ամիս տեւած շրջափակման եւ անոր յաջորդած 19 Սեպտեմբերի ռազմական յարձակումին պատճառով Արցախէն բռնի տեղահանուած քաղաքացիներուն հարցերը, մասնաւորապէս կրթութեան իրաւունքի ապահովման հարցը:

«Մեծ ողբերգութիւն է տեղի ունեցել. Ադրբեջանի սանձազերծած ռազմական ագրեսիայի (յարձակումի) հետեւանքով մի ամբողջ ժողովուրդ է բռնի տեղահանուել իր բնօրրանից: Մենք բազմիցս բարձրաձայնել ենք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդին սպառնացող աղէտի ու վտանգի մասին, համապատասխան նամակներ են ուղարկուել ԵՈՒՆԵՍՔՕին, որպէսզի կանխարգելիչ միջոցառումներ իրականացուեն: Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղում հաստատուել էր հումանիտար (մարդասիրական) ճգնաժամ, որի հետեւանքով խախտուել էին շուրջ 120 հազար բնակչի հիմնարար մի շարք իրաւունքներ. նրանցից 30 հազարը երեխաներ էին: Սննդի մատակարարման անհնարինութեան, Ադրբեջանի կողմից գազամատակարարման, էլեկտրաէներգիայի (ուժանիթի) պարբերական խափանումների պատճառով թէ՛ մանկապարտէզներում, թէ՛ դպրոցներում, թէ՛ կրթական միւս հաստատութիւններում խախտւում էր երեխաների կրթութեան իրաւունքը, եւ այս իրավիճակը ձգուեց աւելի քան 9 ամիս», տեղեկացուց Մարտիրոսեան:

Ան նշեց, որ 19 Սեպտեմբերէն ետք հայ բնակչութիւնը Արցախէն բռնի տեղահանուած է Հայաստան, ուր ներկայիս քայլերու կը ձեռնարկուի՝ ապահովելու բռնի տեղահանուածներու ընդհատուած կրթութեան իրաւունքի իրացումը: 

Փոխնախարարը մտահոգիչ նկատեց ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէնինառաջարկին՝ Ատրպէյճանի կողմէ մերժումը՝ դիտել տալով, որ այդ պատճառով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու դիտարման եւ գոյքագրման  նպատակով ԵՈՒՆԵՍՔՕի փաստահաւաք առաքելութեան մուտքը չէ ապահովուած դէպի Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ:

Մարտիրոսեան շեշտեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕէն կ՛ակնկալուի հասցէագրուած գործողութիւններ, որոնք պիտի նպաստեն շարք մը հարցերու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ պիտի ճնշեն՝ կասեցնելու Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող մշակութային վանտալիզմը։ «2020 թ. 44օրեայ պատերազմի աւարտից յետոյ արձանագրուել են հայկական յուշարձանների հանդէպ արդէն իսկ արձանագրուած շուրջ 50 վանդալիզմի եւ խեղաթիւրման դէպքեր, որոնք Ադրբեջանն իրականացրել է իր վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներում հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու նպատակով: Մենք ակնկալում ենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕն կը կիրառի իր բացառիկ մանդատը՝ կանխարգելելու նմանօրինակ դէպքերը, որոնց հաւանականութիւնը 2023 թուականի բռնի տեղահանումներից յետոյ աւելի մեծ է», ըսաւ Մարտիրոսեան: Ան միաժամանակ կարեւոր նկատեց նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի հնարաւոր դերը կրթութեան բովանդակութեան դիտարկման մէջ՝ մասնաւորապէս ներկայացնելով Ատրպէյճանի ուսումնական հաստատութիւններու բովանդակութեան մէջ հայատեացութեան առկայութիւնը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕի կրթութեան եւ նորարարութեան տնօրինութեան ղեկավարը վերահաստատեց ԵՈՒՆԵՍՔՕի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու տեղահանուած աշակերտներու եւ ուսանողներու կրթութեան անընդհատութեան ապահովման նպատակով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ աշխատանքային շարք մը այլ հարցեր:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2023, 12:55